Վրաստան այսօր արտակարգ դրութիւն կը յայտարարուի: Արտակարգ դրութիւնը կը սահմանուի մինչեւ 21 ապրիլ, կը հաղորդէ «Նովոսթի Կրուզիա»ն:
Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիա համապատասխան խնդրանքով դիմած է երկրի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիին:
Կ'ակնկալուի, որ նախագահը մօտակայ ժամերուն յայտարարէ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն սահմանելու մասին: Այսօր Վրաստանի խորհրդարանը արտակարգ նիստ կը կայացնէ, որու ժամանակ ալ կը հաստատուի փաստաթուղթը:
21 մարտի դրութեամբ Վրաստան գրանցուած «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքերու թիւը հասած է 47-ի: Մէկ հիւանդ ապաքինուած է եւ դուրս գրուած հիւանդանոցէն:
18 Մարտէն սկսեալ Վրաստանը երկու շաբաթով փակած էր երկրի սահմանները բոլոր օտար երկրացիներու համար:
21 Մարտէն սկսեալ Վրաստան դադրեցուցած է բոլոր ուղղութիւններով օդային կապերը:
Կառավարութեան որոշումով, քարանդինային գօտի պարտաւոր են երկու շաբաթ մնալ բոլոր երկիր ժամանողները:
Երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու համար Վրաստանի կառավարութիւնը երկրէն ներս խիստ սահմանափակումներ մտցուցած է: Մարտի սկիզբէն փակուած են կրթական բոլոր հաստատութիւնները, չեղեալ համարուած են զուարճանքի, մարզական եւ այլ զանգուածային միջոցառումները: Պետական գերատեսչութիւնները կ'աշխատին հեռահար կերպով: Եկեղեցիները կը հականեխուին, չեղեալ համարուած են պատարագները: