Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ կը նախատեսէ երկուշաբթի՝ 18 օգոստոսին, Ուաշինկթընի մէջ հանդիպիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանլտ Թրամփի հետ։
«Կը նախատեսեմ երկուշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Թրամփի հետ քննարկել հակամարտութեան աւարտի բոլոր մանրամասնութիւնները։ Շնորհակալ եմ հրաւէրին համար»,- գրած է Զելենսքին իր թելեկրամեան ալիքով՝ Թրամփի եւ եւրոպացի առաջնորդներուն հետ հեռախօսազրոյցէն յետոյ։
Զելենսքին աւելցուցած է, որ զրոյցը տեւած է մէկուկէս ժամ եւ բովանդակալից եղած է։ Անոր խօսքով՝ Թրամփ ներկայացուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու հիմնական կէտերը։
«Մենք կ'ընդունինք Ուքրանիոյ, Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ միջեւ եռակողմ հանդիպման վերաբերեալ Թրամփի առաջարկը։ Ուքրանիա կ'ընդգծէ, որ հիմնական հարցերը կրնան քննարկուիլ առաջնորդներու մակարդակով, եւ եռակողմ ձեւաչափը յարմար է անոր համար»,- ըսած է Զելենսքի։
Ան նաեւ նշած է «Եւրոպայի ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը բոլոր փուլերուն՝ Ամերիկայի հետ համատեղ յուսալի անվտանգութեան համար»։