Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշած է, որ Սի Ծինփին խոստացած է չյարձակիլ Թայուանի վրայ անոր կառավարման օրօք։
Fox News-ին տուած հարցազրոյցին Միացեալ Նահանգներու նախագահը պատմած է Սի Ծինփինի հետ իր երկխօսութեան մասին՝ առանց նշելու, թէ երբ է այն տեղի ունեցած։
«Ան ինծի ըսաւ.- «Ես երբեք չեմ ըներ այդ, քանի դեռ դուք նախագահ էք»։ Նախագահ Սին ինծի ըսաւ այդպէս, եւ ես ըսի. «Ես կը գնահատեմ այդ»։ Բայց ան նաեւ աւելցուց. «Բայց ես շատ համբերատար եմ, եւ Չինաստանը շատ համբերատար է»։