image

«Դիմադրութիւն» շարժումը հանրահաւաքի կը հրաւիրէ

«Դիմադրութիւն» շարժումը հանրահաւաքի կը հրաւիրէ

«Դիմադրութիւն» շարժումը կրկին հանրահաւաք կը հրաւիրէ: Առաջնորդներէն Իշխան Սաղաթէլեան կը յայտնէ, որ Յունիս 24-ին` ժամը 19:30-ին, Ֆրանսայի հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ համահայկական դիմադրութեան հանրահաւաքը:

Այսօր եւս` ժամը 19:30-ին, Ֆրանսայի հրապարակի յարակից այգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ քննարկում ԲԴԽ նախագահի լիազօրութիւններ ունեցող Գագիկ Ջհանգիրեանի ձայնագրութեան եւ Արագածոտնի մարզին մէջ տեղի ունեցած կրակոցներուն վերաբերեալ: