Գիշերուայ ժամերը օրկանիզմի համար ամենակարեւոր ժամանակն են, քանի որ քնացած ժամանակ օրկանիզմի տարբեր համակարգերն ու օրկանները կը հանգստանան ու կը վերականգնուին, սակայն խնդիրը այն է, որ շատեր չեն հասկնար այդ եւ որոշակի սխալներ կը գործեն, որոնք կրնան բացասաբար անդրադառնալ քունի որակին վրայ։ Այսպիսի սխալներէն մէկն է ընթրիքին սննդամթերքի որոշակի տեսակներ ուտելը, որու հետեւանքով մարսողական համակարգը կը ծանրաբեռնուի եւ ի յայտ կու գան քունի խանգարումներ։
Նման տհաճ հետեւանքներէ խուսափելու համար, հարկաւոր է առաջին հերթին խուսափիլ երեկոյեան ուշ ժամերուն որոշակի ուտելիքներէ, որոնց քանի մը հատին կ'անդրադառնանք ստորեւ,-
Մեծ քանակութեամբ ջուր պարունակող սննդամթերքի տեսակներ
Ձմերուկը, վարունգը, նեխուրն ու մեծ քանակութեամբ ջուր պարունակող այլ մթերք երեկոյեան ժամերուն օգտագործելը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ քունի որակին վրայ, քանի որ այն կը խթանէ միզարտադրութիւնն ու կը ստիպէ, որ մարդ գիշերուայ ընթացքին պարբերաբար արթննայ միզապարկը դատարկելու համար։ Այսպիսի պարագային, քունը կ'ընդհատուի եւ ուստի չի համարուիր որակեալ։
Կծու մթերք
Երեկոյեան ուշ ժամերուն կծու մթերք ուտելը կրնայ պատճառ դառնալ մարսողութեան խանգարման ու ստամոքսի այրոցի։ Բացի այդ, կծու մթերքը կը պարունակէ քափսաիցին, որ կը բարձրացնէ մարմնի ջերմաստիճանը, ինչ որ թոյլ չի տար հեշտութեամբ քուն մտնել։
Պանան
Պանանը շատ օգտակար պտուղ է, սակայն հարկաւոր է զայն օգտագործել ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութենէն առաջ ուժ ստանալու համար։ Քնանանալէն առաջ պանան ուտելը կրնայ պատճառել աղեստամոքսային ուղիներուն մէջ մեծ քանակութեամբ լորձի կուտակում եւ մարսողութեան խանգարում, ինչ որ բացասաբար կ'անդրադառնայ քունի որակին վրայ։
Խնձոր
Այս պտուղը կը պարունակէ փեքթին, որ վերահսկողութեան տակ կը պահէ արեան մէջ շաքարի ու մաղձաճարպի (cholesterol) մակարդակները, սակայն երեկոյեան ժամերուն խնձորը վատ կը մարսուի, ինչ որ կը պատճառէ ստամոքսի թթուայնութեան բարձրացում։ Այս ալ իր հերթին վատ կ'անդրադառնայ քունի որակին վրայ։
Խաչածաղկաւոր բանջարեղէն
Կաղամբը, ծաղկակաղամբը, պրոքոլին ու նեխուրը հարուստ են հսկայական քանակութեամբ կենսանիւթերով, ուստի շատ օգտակար են օրկանիզմի համար, սակայն անոնք կը պարունակեն նաեւ մեծ քանակութեամբ չլուծուող մանրաթելեր, որոնք երկար ժամանակ կը պահանջեն մարսուելու։ Երեկոյեան ժամերուն այսպիսի մթերքի գործածութիւնը կը ծանրաբեռնէ աղեստամոքսային ուղիները, ինչ որ բացասաբար կ'անդրադառնայ քունի որակին վրայ։
Ընկոյզներ
Պիստակը, նուշը, յունական ընկոյզն ու այլ ընկոյզները հիանալի միջոց են զարկերակային ճնշումը նորմալի սահմաններուն մէջ պահելու եւ սրտամկանի առողջութիւնը ամրապնդելու համար, սակայն անոնք հարուստ են մեծ քանակութեամբ ճարպերով եւ ունին բաւական բարձր ջերմուժ (քալորի), ուստի օրուայ սխալ ժամին օգտագործելու պարագային կրնան նպաստել կշիռքի յաւելման։
Մուգ տուրմ
Մուգ տուրմը (շոքոլա) հարուստ է մեծ քանակութեամբ հակաօքսիտաններով, որոնք կը դանդաղեցնեն ծերացման գործընթացն ու կը նուազեցնեն սրտի հիւանդութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը, ուստի զարմանալի չէ, որ անիկա կը դասուի օգտակար սննդամթերքի տեսակներու շարքին։ Այնուամենայնիւ հարկ է յիշել, որ տուրմը նաեւ հարուստ է քաֆէինով, որ կ'աշխուժացնէ եւ կրնայ պատճառ դառնալ քնի խանգարման, ուստի անիկա լաւ ընտրութիւն չէ երեկոյեան ուտելու համար։
Նիւթին աղբիւրը՝ The Health Site