Հայազգի պատգամաւոր Խոսէ Լուիս Սաճեանի նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէի Ներկայացուցիչներու պալատի նիստի ընթացքին պատգամաւորներն անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ուրուկուէի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ պատգամաւոր Սաճեանի նախաձեռնութեան աջակցած եւ ելոյթներով հանդէս եկած են խորհրդարանի մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները՝ հպարտութեամբ նշելով, որ Ուրուկուէյը Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած առաջին երկիրն է:
Պատգամաւորներ Խոսէ Լուիս Սաճեանը, Անա Օլիվերան եւ Փետրո Խիստոնիանն անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի էթնիք զտման, Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու խնդրին՝ յիշեցնելով, որ Ուրուկուէի խորհրդարանը միաձայն ընդունած է յայտարարութիւն՝ կոչ անելով Ատրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները:
Ուրուկուէյցի խորհրդարանականներն իրենց առանձնայատուկ յարգանքն ու համերաշխութիւնը յայտնած են հայ ժողովուրդին, ուրուկուէյահայ համայնքին, ողջունած նիստին ներկայ ՀՀ դեսպան Մարիամ Գէորգեանը եւ բարձր գնահատած դեսպանութեան գործունէութիւնը: