Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Վալերի Զալուժնին յայտարարած է, որ ռուսական ներխուժման սկիզբէն ի վեր զոհուած է գրեթէ ինը հազար ուքրանացի զինծառայող: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ուքրանիա»-ն:
Զալուժնին իր ելոյթի ժամանակ ըսած է, որ Ուքրանիոյ մէջ երեխաները պաշտպանութեան կարիք ունին, «որովհետեւ անոնց հայրը գացած է ռազմաճակատ եւ, հաւանաբար, գրեթե ինը հազար հերոս զոհուածներէն մէկն է»։
Վերջին անգամ ուքրանական իշխանութիւնները յայտնած են իրենց մարտական կորուստներու մասին յուլիսի սկիզբը։ Այդ ժամանակ Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեստովիչ յայտնած է, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր, իր գնահատմամբ, զոհուած է մինչեւ 10 հազար ուքրանացի զինուոր։ Ապրիլին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զէլէնսքին յայտարարած էր, որ պատերազմի ընթացքին զոհուած է 2500-էն 3000 ուքրանացի զինուոր։
Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկու անգամ յայտնած է ռուսական զօրքերու ընդհանուր կորուստներու մասին, վերջին անգամ՝ 25 մարտին։ Այդ ժամանակ գերատեսչութիւնը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած է 1351 ռուս զինուոր, եւս 3825 մարդ վիրաւորուած է։
19 Օգոստոսի դրութեամբ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը եւ Mediazona-ն, հիմնուելով բաց տուեալներու վրայ, հաստատած են, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած է 5701 ռուս զինծառայող:
8 Օգոստոսի դրութեամբ Փենթակոն հաշուարկած է, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած կամ վիրաւորուած է 70 000-է մինչեւ 80 000 ռուս զինուոր: