image

«Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ շատ տարրեր համաձայնեցուած են». Թրամփ

«Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ շատ տարրեր համաձայնեցուած են». Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Truth Social ընկերային ցանցին մէջ գրած է, որ Ուքրանիոյ վերաբերեալ «վերջնական համաձայնագրի շատ տարրեր համաձայնեցուած են, բայց դեռ շատ բան կայ ընելու»։ Թրամփ հրապարակումն ըրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ծիրէն ներս, որ նախատեսուած է մարտ 18-ին։ 

«Վաղն առաւօտեան ես պիտի խօսիմ նախագահ Փութինի հետ Ուքրանիոյ պատերազմի վերաբերեալ: Վերջնական համաձայնագրի շատ տարրեր համաձայնեցուած են, բայց դեռ շատ բան մնացած է: Հազարաւոր երիտասարդ զինուորներ եւ այլք կը սպանուին։ Ամէն շաբաթ երկու կողմէն ալ 2500 զինուոր կը զոհուի, եւ սա պէտք է աւարտի հիմա: Ես անհամբեր կը սպասեմ նախագահ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցին», - գրած է ան։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն յիշեցուցած է, որ մարտ 13-ին Մոսկուա էր Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը, որ հանդիպած է Փութինի հետ։

«Այդ ժամանակի կորուստ չէր, ան վերադարձաւ որոշ տեղեկութիւններով, բայց մենք աւելին պիտի իմանանք վաղը, երբ նախագահը պիտի խօսի Փութինի հետ», - ըսած է Ռուպիոն:

Քանի մը ժամ առաջ, ելոյթ ունենալով Ուաշինկթընի Քենետիի կեդրոնին մէջ, Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւնները հասած են «շատ ճգնաժամային փուլ»: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները պիտի համաձայնին Միացեալ Նահանգներու առաջարկած 30-օրեայ զինադադարին։ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները մարտ 11-ին համաձայնած են ամերիկեան վարչակազմի առաջարկին։