image

Ուքրանիոյ տագնապ. Թուրքիան միջնո՞րդ

Ուքրանիոյ  տագնապ. Թուրքիան միջնո՞րդ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթ օր հաստատած է իրենց տարածքին վրայ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութինի ու Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումը ընդունելու Անգարայի պատրաստակամութիւնը, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։

«Ինչպէս Ուքրանիա կատարած մեր այցի ժամանակ մամուլի ասուլիսին յայտարարեց նախագահը [Թայէպ Էրտողան], մենք հաճոյքով կը համաձայնինք միջնորդել, եթէ երկու կողմերը համաձայնին։ Մենք սիրով կը համաձայնինք ընդունիլ «Մինսքի եռեակի» հանդիպումը։ Մենք կ'ըսենք, որ Զելենսքին կը ցանկայ հանդիպիլ Փութինի հետ մեր օգնութեամբ։ Ռուսաստան նոյնպէս պէտք է դրական վերաբերի անոր»,- CNN Turk հեռատեսիլի ալիքի եթերով ըսած է Չաւուշօղլու։ «[ՌԴ-էն] դրական կամ բացասական պատասխան չկայ»։