Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցն ու ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ժամանակ նշած են` Ուքրանիոյ շուրջ իրավիճակը կը մնայ լուրջ, ուքրանական սահմանէն ռուսական զօրքերու էական դուրսբերում չկայ:
Կը նշուի, որ երկիրներու առաջնորդները համակարծիք եղած են, որ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, նկատի առնելով Ուքրանիոյ հետ սահմանակից շրջաններուն մէջ ռուսական զօրքերու մասշտաբային կուտակումը, պէտք է գնահատել որպէս չափազանց լուրջ:
«Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի հետագայ ռազմական յարձակման վտանգը կը պահպանուի, անհրաժեշտ է ծայրայեղ զգօնութիւն, ռուսական զօրքերու էական հեռացում չի դիտուիր», յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը:
Առաջնորդները քննարկած են նաեւ ՆԱԹՕ-ի արեւելեան ճակատի ռազմական ուժեղացման հարցը` Ռուսաստանի հնարաւոր յարձակման պարագային, յայտնած է Սպիտակ տունը: