image

Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմը կրնայ պարէնային ճգնաժամի յանգեցնել

Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմը կրնայ պարէնային ճգնաժամի յանգեցնել

«Ռուս-ուքրանական պատերազմը կրնայ լուրջ խնդիրներ ստեղծել համաշխարհային պարէնային անվտանգութեան տեսանկիւնէն, յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, որոնք կախուած են ուքրանական հացահատիկի ներածումներէն», կը զգուշացնեն փորձագէտները:

«Ուքրանական հացահատիկի ներածումը միջազգային շուկայ կրնայ ընդհատումներ արձանագրել արդէն Յուլիսին», յայտարարած են ոլորտը կարգաւորող գլխաւոր միջկառավարական կառոյցի` Հացահատիկի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչները:

Ուքրանական հացահատիկի արտահանման դադրեցումը կրնայ պարէնային լուրջ խնդիրներ ստեղծել յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ` նախեւառաջ Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ, կը պնդեն մասնագէտները:

Ուքրանիան հացահատիկի արտադրութեան ծաւալներով աշխարհի մէջ կը զբաղեցնէ հինգերորդ տեղը, այս երկրին բաժին կ'իյնայ հացահատիկի միջազգային շուկային 10 տոկոսը: