Ուքրանիոյ յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան, նման բարբարոսական գործողութիւնները արդարացում չեն կրնար ունենալ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Խրիմի կամուրջի եւ թերակղզիի վրայ յարձակելու՝ Ուքրանիոյ փորձերը։
«Նման յարձակումները միջազգային հանրութեան հնարաւորութիւն կու տան եւս մէկ անգամ համոզուելու Քիեւի վարչակարգի իրական էութեան մասին: Նման բարբարոսական գործողութիւնները արդարացուած չեն, եւ ատոնք անպատասխան պիտի չմնան»,-ըսած է Զախարովան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած մեկնաբանութեան մէջ։
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այդ ահաբեկչութիւնները»,- ըսած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը։
Դիւանագէտը նշած է, որ Խրիմի կամուրջը միայն քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյց է, որու վրայ յարձակումներն անընդունելի են․ «Այն նման յարձակումներու ենթարկուած է անցեալ տարուան աշնան․ ատոնք, ի թիւս այլնի, յանգեցուցած են խաղաղ բնակիչներու մահուան»:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Քիեւի՝ 20 անօդաչու թռչող սարքերով ու երկու S-200 հրթիռներով յարձակումները ետ մղուած են թերակղզիի մէջ ու Խրիմի կամուրջի վրայ. անօդաչուները խոցուած կամ ճնշուած են ելեկտրոնային պատերազմի համակարգի միջոցով, հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը խոցած են երկու հրթիռները, կամուրջը չէ վնասուած։