image

Ուքրանիան պէտք է մոռնայ ՆԱԹՕ-ի մասին. Թրամփ

Ուքրանիան պէտք է մոռնայ ՆԱԹՕ-ի մասին. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի ըսած է, որ Ուքրանիան կրնայ «մոռնալ» Հիւսիսաթլանթեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՆԱԹՕ) միանալու մասին, գրած է apnews.com-ը:

«ՆԱԹՕ, կրնաք մոռանլ այդ մասին: Կը կարծեմ, որ, հաւանաբար, հակամարտութիւնը այս հարցի պատճառով սկսած է», -ըսած է Թրամփ լրագրողներուն՝ Սպիտակ տան մէջ իր գրասենեակի անդամներու նիստ գումարելէն առաջ։ 

Միացեալ Նահանգներու նախագահն այս մասին ըսած է, երբ լրագրողը հարցուցած է  բանակցային սեղանի շուրջ հնարաւոր զիջումներու մասին:

Նշենք, որ Ուքրանիան պատերազմն աւարտելէ ետք ամենայուսալի անվտանգութեան երաշխիքը կը համարէ Քիեւի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին: Սակայն Ռուսիան կը պնդէ, որ Ուքրանիան պէտք է մէկընդմիշտ հրաժարի այդ գաղափարէն եւ ձեռք բերէ չէզոք երկրի կարգավիճակ: ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի խօսքով՝ Ուքրանիան պէտք է անդամակցի դաշինքին, սակայն ան որեւէ ժամկէտ չէ նշած: