image

Ուքրանիան պէտք է hարուածէ, եթէ հիւսիսքորէական զօրքերը հատեն սահմանը. Պայտըն

Ուքրանիան պէտք է hարուածէ, եթէ հիւսիսքորէական զօրքերը հատեն սահմանը. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ Ուքրանիան պէտք է պատասխան հարուած հասցնէ, եթէ Հիւսիսային Քորէայի զօրքերը հատեն Ուքրանիոյ սահմանը՝ աւելցնելով, որ զինք կ՚անհանգստացնէ Ռուսիոյ Քուրսքի մարզին մէջ հիւսիսքորէական զօրքերու ներկայութիւնը։ Այս մասին գրած է Reuters-ը:

«Մեզ այդ կ՚անհանգստացնէ»,- ըսած է Պայտըն՝ պատասխանելով Քուրսքի մէջ հիւսիսքորէական զօրքերու ներկայութեան վերաբերեալ հարցին։

«Եթէ անոնք անցնին Ուքրանիա, այո»,-ըսած է Պայտըն՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք ուքրանացիները պէտք է պատասխան հարուած հասցնեն։

Նախօրէին Պայտըն յայտարարած էր, որ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ Ռուսիա հազարաւոր զինուորներ ուղարկելը «շատ վտանգաւոր» զարգացում է։

Յիշեցնենք, որ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն հաստատած էր, որ Հիւսիսային Քորէան զօրքեր ուղարկած է Ռուսիա, եւ որ անոնք այժմ Քուրսքի մարզի մէջ են:

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինը հաստատած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն ապացոյցներ ունի, որ Հիւսիսային Քորէան ռազմական ուժեր ուղարկած է Ռուսիա: Միեւնոյն ժամանակ Օսթինն ընդգծած էր, որ զօրքերու ուղարկման նպատակը դեռ պարզ չէ։

Ուքրանիան եւ Հարաւային Քորէան բազմիցս մեղադրած են Հիւսիսային Քորէան Ռուսիա զօրք ուղարկելու համար՝ պատերազմին անոնց օգտագործելու նպատակով: ՆԱԹՕ-ն եւ Միացեալ Նահանգները նախապէս չէին հաստատած զօրքերու տեղաշարժը։