2024 թուականի ընթացքին Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներէն պիտի ստանայ 1 միլիոն անօդաչու թռչող սարք:
Kyiv Independent պարբերականը գրած է, որ այդ մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը: Ան չէ յստակեցուցած, թէ որ երկիրները պիտի մատակարարեն անօդաչու սարքերը:
Փետրուար 15-ին Մեծ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Կրանթ Շափսն ըսած էր, որ իր երկիրը կը միաւորէ ուժերը Լիթուանիայի հետ՝ Ուքրանիոյ համար նախատեսուած «անօդաչուներու դաշինքը» առաջնորդելու համար:
2023 թուականի դեկտեմբերին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ըսած էր, որ 2024 թուականին իր երկիրը մտադիր է արտադրել 1 միլիոն անօդաչու սարք: Ան նշած էր, որ Ուքրանիան պէտք է գերազանցէ Ռուսիան անօդաչուներու արտադրութեան ծաւալով: