image

Ուքրանիան դարձած է ԱՄՆ-էն ամէնէն շատ ռազմական նեցուկ ստացող երկիրը. Washington Post

Ուքրանիան դարձած է  ԱՄՆ-էն ամէնէն շատ ռազմական  նեցուկ ստացող երկիրը. Washington Post

Արեւմուտքի եւ Քիեւի շահերը նոյնական չեն, ընդ որում` Ուքրանիոյ լիովին աջակցելու արեւմտեան երկիրներու հռետորաբանութիւնը կրնայ անոր «սուտ յոյս» տալ եւ յղի Է երկրին համար լուրջ հետեւանքներով:

 

Ուքրանիան դարձած Է ԱՄՆ-էն ամենամեծ ռազմական օգնութիւն ստացող երկիրը աշխարհի վրայ` այդ ցուցանիշով գերազանցելով Իսրայէլին եւ Եգիպտոսին: Այդ մասին կը գրԷ The Washington Post թերթը:

Հրատարակութեան տուեալներով` Միացեալ Նահանգները 2014-էն մինչեւ 2021 թուականը Քիեւին ուղարկած Է շուրջ 2,7 միլիառ տոլարի ռազմական օգնութիւն: Ընդ որում` Ռուսիոյ կողմէ յատուկ ռազմական գործողութիւնը սկսելէ ի վեր այդ օգնութեան ծաւալը կազմած Է 3,8 միլիառ տոլար: Թերթը կը նշԷ, որ 40,1 միլիառ տոլարի քննարկուող նոր փաթեթը շուրջ 20 միլիառ տոլար կը պարունակէ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ:

Հրատարակութիւնը այդ ցուցանիշները կը համեմատԷ այն տուեալներուն հետ, որոնք ստացուած են 2020 ֆինանսական տարուան մէջ, որ ԱՄՆ-ի մէջ սկսած է Հոկտեմբեր 1-էն: Այդ տարուան մէջ ամերիկեան ամենամեծ ռազմական օգնութիւն ստացող երկիրը աշխարհի մէջ դարձած է Իսրայէլը, որուն Միացեալ  Նահանգները փոխանցած Է 3,3 միլիառ տոլար, երկրորդ տեղը Եգիպտոսն Էր, որ ստացած Է 1,3 միլիառ տոլար, երրորդը` Յորդանանը, որուն բաժին հասած է 0,51 միլիառ տոլար:

Աւելի վաղ Politico հրատարակութիւնը հանդէս եկած է այն պնդմամբ, որ Արեւմուտքի եւ Քիեւի շահերը նոյնական չեն, ընդ որում` Ուքրանիոյ լիովին աջակցելու արեւմտեան երկիրներու հռետորաբանութիւնը կրնայ անոր «սուտ յոյս» տալ եւ յղի Է երկրին համար լուրջ հետեւանքներով: Հակամարտութեան մագլցումը կը ծառայէ Ուքրանիոյ շահերուն, իսկ ՆԱԹՕ-ի երկիրները, որոնք ողջամտօրէն կը զգուշանան Ռուսիայէն, միանգամայն հիմնաւոր կերպով կը դիմադրեն անոր, որու հետեւանքով Արեւմուտքի մէջ հակասութիւն յառաջացած է գործի եւ խօսքի միջեւ: Ինչպէս կը նշեն հեղինակները, շահերու լիովին համընկնելու շուրջ յայտարարութիւնները կրնան ուքրանացիներուն լիակատար յաղթանակի եւ մեծ սպասումներու յոյս տալ: