Քիեւ փորձած է անօդաչու թռչող սարքերով յարձակիլ Ռուսիոյ տարածքին գտնուող թիրախներու վրայ. Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Խրիմի երկինքին մէջ 11 անօդաչու թռչող սարք ոչնչացուցած են։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն։
«Սեպտեմբեր 14-ին Մոսկուայի ժամանակով ժամը 05:30-ի սահմաններուն Քիեւի ռեժիմի կողմէ Ռուսիոյ Դաշնութեան տարածքին գտնուող կառոյցներու վրայ անօդաչու թռչող սարքերով օդային ահաբեկչութիւն իրականացնելու փորձը կասեցուած է, Խրիմի օդային տարածքին մէջ ոչնչացուած է 11 անօդաչու թռչող սարք»,- յայտնած են գերատեսչութենէն։
Սեպտեմբեր 13-ի գիշերը Ուքրանիոյ զինուած ուժերը 10 թեւաւոր հրթիռ արձակած են Սեւասթոփոլի մէջ նաւերու վերանորոգման գործարանի ուղղութեամբ, որոնցմէ 7-ը որսացած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը։
Բացի այդ, Ուքրանիոյ զինուած ուժերը երեք անօդաչու շարժանաւով յարձակում գործած են Սեւծովեան նաւատորմի նաւերու վրայ։ Բոլոր շարժանաւակները ոչնչացուած են «Վասիլի Պիքով» պարեկային նաւու կողմէ։ Հակառակորդի թեւաւոր հրթիռներու հարուածներէն վնասուած է վերանորոգման փուլի մէջ գտնուող երկու նաւ։