Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Դանիոյ հետ «Կրինլանտի անվտանգութեան վերաբերեալ» համաձայնագիր կնքելու մասին։ Անոր խօսքով՝ համաձայնագիրը Միացեալ Նահանգներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ մշտապէս վերահսկելու Կրինլանտի անվտանգութեան վերաբերող հարցերը։
Թրամփ «Truth Social»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Ուաշինկթըն մշտական իրաւունք ստացած է Կրինլանտի մէջ ձեռնարկելու կղզիին եւ Միացեալ Նահանգներուն անվտանգութիւնը ապահովող անհրաժեշտ քայլեր։ Առանց ԱՄՆ-ի համաձայնութեան՝ հակառակորդ պետութիւններուն պիտի արգիլուի կղզիին մէջ ռազմական խարիսխներ հաստատել կամ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ներդրումներ կատարել։
«Իմ յանձնարարութեամբ մենք աշխատած ենք Դանիոյ եւ Կրինլանտի ներկայացուցիչներուն հետ՝ երաշխաւորելու, որ Միացեալ Նահանգները միշտ ունենայ Կրինլանտի մէջ անհրաժեշտ գործողութիւններ կատարելու լիակատար հնարաւորութիւն՝ Կրինլանտի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ պաշտպանելու նպատակով», -գրած է Թրամփ։
Թրամփի համաձայն՝ նախորդ վարչակազմերը շուրջ 100 տարի չեն յաջողած նման համաձայնութեան հասնիլ։