image

Ուքրանիա ներխուժման ճշգրիտ օրերու հրապարակումը սադրիչ բնոյթ ունի․ Փեսքով

Ուքրանիա ներխուժման ճշգրիտ օրերու հրապարակումը սադրիչ բնոյթ ունի․ Փեսքով

Պաշտօնական Մոսկուայի համոզմամբ, Ուքրանիա ռուսական ենթադրեալ ներխուժման մասին ամէնօրեայ արեւմտեան կանխատեսումները սադրիչ բնոյթ ունին: Այս մասին յայտարարած է Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:

«Նախագահը ի հարկէ անոնց վրայ ուշադրութիւն չի դարձներ, սակայն այդ յայտարարութիւնները սադրիչ բնոյթ ունին: Նման յայտարարութիւնները կը նպաստեն լարուածութեան աճին: Իսկ երբ իրադրութիւնը սրած է, ինչպէս այժմ շփման գիծի երկայնքով, ապա որեւէ կայծ, որեւէ չնախատեսուած միջադէպ կամ որեւէ ծրագրուած մանր սադրանք կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ», յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահին մամուլի քարտուղարը: