Ուքրանիան օրական 100-200 զինուոր կը կորսնցնէ: Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքիի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլեաքը:
Ան ծանր կորուստներու հիմնական պատճառներէն մէկը անուանած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ հնարաւորութիւններու հաւասարութեան բացակայութիւնը: Անոր խօսքով` Քիեւին անհրաժեշտ են հարիւրաւոր հրետանային համակարգեր Արեւմուտքէն:
Մասնաւորապէս, Ուքրանիոյ անհրաժեշտ է մինչեւ 300 ռէաքթիւ համակարգ, ըսած է ան:
Հինգշաբթի Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսի Ռեզնիքովը յայտարարել է, որ Ուքրանիոյ կորուստները կը կազմեն օրական մինչեւ 100 սպաննուած եւ մինչեւ 500 վիրաւոր զինուոր: