image

Ուքրանիա իւրաքանչիւր օր 100-200 զինուոր կը կորսնցնէ. Զէլէնսքի

Ուքրանիա  իւրաքանչիւր օր   100-200  զինուոր կը կորսնցնէ. Զէլէնսքի

Ուքրանիան օրական 100-200 զինուոր կը կորսնցնէ: Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքիի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլեաքը:

Ան ծանր կորուստներու հիմնական պատճառներէն մէկը անուանած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ հնարաւորութիւններու հաւասարութեան բացակայութիւնը: Անոր խօսքով` Քիեւին անհրաժեշտ են հարիւրաւոր հրետանային համակարգեր Արեւմուտքէն:

Մասնաւորապէս, Ուքրանիոյ անհրաժեշտ է մինչեւ 300 ռէաքթիւ համակարգ, ըսած է ան:

Հինգշաբթի Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսի Ռեզնիքովը յայտարարել է, որ Ուքրանիոյ կորուստները կը կազմեն օրական մինչեւ 100 սպաննուած եւ մինչեւ 500 վիրաւոր զինուոր: