image

Ուքրանական պատուիրակութիւնը խաղաղութեան հարցով առաջին հանդիպումը ունեցած է Փարիզի մէջ

Ուքրանական պատուիրակութիւնը խաղաղութեան հարցով առաջին հանդիպումը ունեցած է Փարիզի մէջ

Ուքրանական պատուիրակութիւնը Փարիզի մէջ առաջին բազմակողմ հանդիպումը ունեցած է Մեծ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներու հետ։ Այս մասին հինգշաբթի՝ ապրիլ 17-ին, յայտնած են Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմէն։  Այսօր Ֆրանսայի մայրաքաղաք ժամանած է ուքրանական պատուիրակութիւնը, որու կազմի մէջ են նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմաքը, արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկան եւ պաշտպանութեան նախարար Ռուսթեմ Ումերովը։

Նշուած է, որ Էլիզեան պալատին մէջ բանակցութիւններուն մասնակցած են «կամաւորներու դաշինք»ի մաս կազմող երկիրներու ներկայացուցիչներ՝ Ֆրանսայի նախագահի դիւանագիտական ​​խորհրդական Էմանուէլ Պոննը, Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ճոնաթան Փաուելը եւ Գերմանիոյ վարչապետի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Եէնս Պլեոթները։

«Կողմերը միտքեր փոխանակած են կայուն եւ հարատեւ խաղաղութեան հաստատման հետագայ քայլերու շուրջ, մասնաւորապէս՝ ամբողջական հրադադարի իրականացում, անվտանգութիւնը երաշխաւորող բազմազգ ռազմական հաւաքակազմի ներգրաւում եւ Ուքրանիոյ համար արդիւնաւէտ անվտանգութեան ճարտարապետութեան կառուցում», -ըուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ ապրիլ 16-էն 18-ը Փարիզի մէջ բանակցութիւններ կ՚ընթանան Ուքրանիոյ պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգները պատուիրակութիւն ուղարկած է, որու կազմին մէջ են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ ԱՄՆ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Վիթքովը: