Սուրիոյ բանակին պատկանող ուղղաթիռ մը անսարքութեան հետեւանքով ինկած է Համայի մէջ։
Այս մասին կը գրէ «Սանա» գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ ուղղաթիռը ռազմափորձի պահուն ինկած է եւ անոր 3 օդաչուներէ բաղկացող անձնակազմը զոհուած է։
Կը նշուի, որ դէպքը տեղի ունեցած է Համայի «Հայ արպհին» շրջանին մէջ եւ ուղղաթիռը ինկած է շէնքի մը տանիքը։
Յիշեցնենք, որ անցնող ժամերուն այս երկրորդ դէպքն է, որ կը գրանցուի. Անցեալ շաբաթ ռազմական օդանաւ մը դարձեալ ինկած էր անսարքութեան հետեւանքով Սուայտայի մէջ։