Ուաշինկթընի մէջ ատրպէյճանական կողմին փոխանցած ենք խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերող մեր բնագիրը։ Ազգային Ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Այժմ սպասում ենք Ատրպէյճանի արձագանգներին։ Սակայն տեսնում ենք նաեւ լարուածութեան որոշակի միտումներ, ինչը կապուած է որոշակի դէպքերի հետ։ Հարցն այն է, որ միջազգային հանրութիւնը պաշտպանում է մեր այն տեսակէտը, որ Ատրպէյճանի զօրքերը պէտք է դուրս գան ՀՀ տարածքից, եւ յոյս ունենք, որ ՀԱՊԿ–ը նոյնպէս կը պաշտպանի այդ դիրքորոշումը։ Ի հարկէ, պէտք է տարօրինակ լինէր` ՀԱՊԿ–ը պէտք է նախ պաշտպանէր մեր դիրքորոշումը»,–ըսած է Փաշինեան։
Անոր խօսքով` 23 նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ գագաթաժողովին այս համաձայնութիւնը պիտի արձանագրեն։ Փաշինեան աւելեցուցած է` չեն ուզեր ՀԱՊԿ-Ատրպէյճան պատերազմ հրահրել, բայց կարեւոր է, որ ՀԱՊԿ-ը յստակ քաղաքական գնահատական տայ իրավիճակին, Ատրպէյճանի իրականացուցած բռնագրաւման։
Յիշեցնենք` 10 նոյեմբերին ՀՀ կառավարութեան նիստին Փաշինեան յայտարարած է, որ 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկած է ԼՂ–ի շուրջ ստեղծել ապառազմականացուած գօտի` միջազգային երաշխիքներով, որու արդիւնքով ԼՂ–ն պաշտպանութեան բանակ ունենալու կարիք չունենար։
Ապառազմականացման առաջարկ Հայաստանը ըրած է նաեւ ՀՀ–Ատրպէյճան սահմանի մասին` առաջարկելով զօրքերը ետ քաշել 1991–ին հաստատուած սահմանէն ու ստեղծել 3քմ–անոց ապառազմականացուած գօտի։ Փաշինեանի խօսքով` 31 հոկտեմբերին Ատրպէյճանին փոխանցուած է նաեւ այս առաջարկի նորացուած տարբերակը։