Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը յուսադրող որակած է ուաշինկթընեան բանակցութիւններու արդիւնքները։ Այս մասին ան գրած է իր թուիթըրեան էջին՝ կից հրապարակելով նաեւ ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն յաջորդած յայտարարութիւնը։
«Յուսադրող նորութիւններ Ուաշինկթընէն։ ԵՄ-ն կ'ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու կայուն ներգրաւուածութիւնը 4-օրեայ բանակցութիւններուն: Առաջընթաց կրնայ ըլլալ միայն երկխօսութեան միջոցով։ Մենք պիտի շարունակենք մնալ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կողքին եւ աշխատիլ մեր գործընկերներու հետ կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ», - գրած է Քլաարը։