Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝
Այս տարուայ մեր խաղողի բերքը հաւաքելու ժամանակ քանի մը բաներ ուշադրութիւնս գրաւեցին։
Ձեր ալ ուշադրութեան յանձնեմ այդ բաները որոնք ուշադրութիւնս գրաւեցին, դուք ալ ձեր ուշադրութիւնը դարձուցէք ձեր շրջապատին վրայ, եւ տեսէք թէ ինչպէս նման բաներ կան, շատո՛նց կան ձեր եւ մեր աչքին առջեւ, բայց զարմանալիօրէն աննկատ մնացած են։
Նախ ըսեմ, որ որթատունկը որուն վրայ էին խաղողները մեր կարմիր, կամքէ անկախ պատճառներով ստացած է նուազագոյն խնամք՝ քիչ հատուած, քիչ դեղուած, գրեթէ միջին չափով ոռոգուած. այսինքն ապրած է մեծ մասամբ Աստուծոյ կամքով, քիչ մը բախտով, իսկ մնացեալը՝ մեր ունեցած մաղթանք-փափաքով թէ այս տարի վիճակը աւելի լաւ ըլլայ նախորդ տարիներէն։
Այսպէս, մաս մը կայ որթատունկին վրայ ուր տիրական են չորցած ճիւղերը, դեղնած տերեւներով. չորցած այս բաժնին անմիջապէս կողքին՝ կանաչ եւ նոր ճիւղեր կան, վրանին ողկոյզներ առատ։ Ողկոյզնեը որոնք երեւցող են, բոլորին ձեռքին հասանելի, եւ կախուած ձեւերնին գրաւիչ՝ խակ են դեռ. անոնց հատիկները շատ չեն մեծցած, գոյներնին մէջ դեռ կանաչ կայ։
Ողկոյզները որոնց հատիկները մեծ են արդէն, մուգ կարմիր են, հասուն, եւ տեսքով իսկ արեւահամ՝ թաքնուած են, բայց աւելի վեր, որթատունկին յենարան թելերէ՛ն ալ վեր՝ դէպի վեր սլացող ճիւղերուն վրայ, բայց ինչպէս ըսի՝ թաքնուած, միւսներէն աւելի խոշոր եւ լայն տերեւներու ետին. ասոնց հասնիլը դիւրին չէ, ձեռքի հասանելի չեն. նոյնիսկ սանդուխին վրայ ելլողը պիտի բարձրանայ ամենավերի աստիճանին, ոտքերուն ունենայ հաւասարակշռութիւն, եւ ձեռքերուն բաւարար ոյժ: Ասոնց ողկոյզի հատիկներն ալ շատ չեն միւս՝ խակերուն պէս։
Վերը թաքնուած, եւ վարը երեւցողներուն միջեւ, անմիջապէս որթատունկին յենարան թելին կախուած-փակած կայ երրորդ տեսակի ողկոյզներու ամենատարօրինակ տեսակը.- ե՛ւ խոշոր-կարմիր ե՛ւ փոքր-կանաչ հատիկներով։ Քաղես՝ հասուններուն տալով նախապատուութիւնը, փոքր-կանաչներուն հանդէպ անարդար պիտ ըլլաս, չքաղես՝ սպասես անոնց հասուննալը՝ այսօրուան հասունցածները պիտի փճանան։
Երկարեցաւ նորէն, աւարտեմ։ Երեւոյթը այս ընդհանրացած որ որթատունկին վրայ տեսայ այսօր, ձեզի հետ տեսած էի երէկ, պիտի տեսնեմ վաղը, եւ այնքան ատեն որ Աստուծոյ կամքին ձգած ենք որ տեսնենք, խօսինք ատոր մասին եւ անցնինք. բացի եթէ որոշենք որթատունկին մեր բարձրորակ խնամք տալ, աւելի լա՛ւ ոռոգել, շա՛տ աւելի լաւ դեղել, եւ անխնա՛յ... հատել վրայի չոր եւ խանգարող ճիւղերը։