Հայաստանի տարածքով անցնող որեւէ ճանապարհ եւ երկաթգիծ պէտք է վերահսկուի Հայաստանի կողմէ։ Այս մասին «Արմէնփրէսի» հետ զրոյցին ըսած է Հարաւային Կովակսի եւ Վաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը`անդրադառնալով «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցին։
«Ակնյայտօրէն, մեր տեսանկիւնէն միանգամայն տրամաբանական է, որ որեւէ ճանապարհ, որեւէ երկաթգիծ, որ կ՚անցնի Հայաստանի տարածքով, կը վերահսկուի Հայաստանի կողմէ։ Նկատի ունիմ, որ որեւէ ճանապարհ կամ երկաթգիծ, որ կ՚անցնի Ատրպէյճանի տարածքով կամ կ՚անցնի, ըսենք, Գերմանիոյ տարածքով, կը վերահսկուի տուեալ երկրի կողմէ։ Հետեւաբար, այդ բացարձակապէս միակ տրամաբանական պայմանաւորուածութիւնն է։ Օրինակ, այս պարագային Ատրպէյճանը կ՚ուզէ երաշխիք ունենալ, որ Հայաստանի տարածքով անցնող Ատրպէյճանի քաղաքացիները եւ բեռերը ապահով կ՚ըլլան: Այդ միանգամայն տրամաբանական է եւ բնականոն։ Բայց թէ այդ ինչպէս կ՚իրականացուի, Հայաստանի իշխանութիւններու պատասխանատւութիւնն է»,–ըսած է Քլաար։
Ան ընդգծած է, որ իրենք համամիտ են երկիրները միաւորող ճանապարհային եւ երկաթուղային կապերու վերաբերեալ`ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյեանի տեսլականի հետ։
Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը շեշտած է` իրենք կը բաժնեկցին նաեւ Հարաւային Կովկասի տեսլականը, ուր երկաթուղային եւ ճանապարհային կապերը բաց են, եւ երկիրները կը վերամիաւորուին այնպէս, ինչպէս եղած են Խորհրդային միութեան ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան եւ նոյնիսկ աւելին։
Քլաարը նշած է, որ ճանապարհային եւ երկաթուղային կապերը դէպի Թուրքիա եւ, բնականաբար, Իրան (միշտ բաց է) նոյնպէս պէտք է բաց ըլլան։ Ան ըսած է, որ իրենց պատկերացմամբ` խաղաղ Հարաւային Կովկասը պէտք է ըլլայ այնպէս, որ փոխադրային կապերը բաց ըլլան, առեւտուր իրականացուի, մարդիկ ալ ճանապարհորդեն տարբեր սահմաններով։