«Gallup International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ՝ Էմ Փի ՃԻ ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը ներկայացուցած է հարցման արդիւնքներ, եթէ առաջիկայ կիրակի օր կայանան խորհրդարանական ընտրութիւններ, ո՞ր կուսակցութեան կամ դաշինքի օգտին կը քուէարկէիք:
Եւ այսպէս, հարցուածներու 11,5%-ը նշած են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը: Այստեղ, ըստ Նաւասարդեանի, 0.3% նուազում կայ: 8%-ը նշած է «Հայաստան» դաշինք, Ռոպերթ Քոչարեան, այստեղ ալ բաւականին մեծ աճ գրանցուած է, մօտ երկու կամ երեք տոկոս: «Պատիւ ունեմ» դաշինք, «Հայաստանի Հանրապետական» կուսակցութիւն՝ 3,7%, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 3,2%, Դոգ ,Վարդան Ղուկասեանը՝ 2,9%, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն»՝ 2,2%, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 1,9%, «Հայաստանի շնորհապետական կուսակցութիւնը»՝ 1,5 տոկոս: Նաւասարդեանը նշած է, որ այս ուժն առաջին եւ բաւականին բարձր ցուցանիշը գրանցած է։
Յաջորդիւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն՝ 0,9%, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն՝ 0,8%, «Հայ ազգային կոնգրես»՝ կուսակցութիւն 0,7%, Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ՝ 0,5% եւ «Քրիստոնեայ ժողովրդավարական» կուսակցութիւն, Լեւոն Շիրինեան՝ 0,3%:
Չեմ մասնակցիր ընտրութիւններուն նշած է 23,7% -ը, այլ նշած են 3,1% -ը, ոչ մէկուն նշած է 5,5%ը, կը փճացնեմ քուէաթերթիկը՝ նշած են 4,5%ը, հրաժարած են պատասխանել՝ 6,4% եւ դժուարացած է պատասխանել 18,5%:
Նշենք, որ կատարուած են հեռախօսային հարցումներ, հարցումներու քանակը՝ 1,101, հետազօտութեան կայացման ժամանակահատուածը՝ ապրիլ 29-էն մինչեւ մայիս 2-ը: