image

Ողբերգական դէպք՝ Մեծամօրի աթոմակայանին մէջ. Կայ զոհ

Ողբերգական դէպք՝ Մեծամօրի աթոմակայանին մէջ. Կայ զոհ

Յունիս 8-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզին մէջ: Ժամը 11:00-ի սահմաններուն «Մեծամօր» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Մեծամօրի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ մահացած վիճակի մէջ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:

Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Արմաւիրի մարզի բնակիչ` 59-ամեայ Վարշամ Մ.-ն էր, որ ժամը 10:40-ի սահմաններուն «Հայաստանի աթոմային ելեկտրակայան»ին մէջ հովացման աշտարակի վերանորոգման աշխատանքներ կատարած ժամանակ, մօտ 7 մեթր բարձրութենէն երկաթեայ խողովակը ինկած է անոր վրայ, ինչ ալ դարձած է անոր մահուան պատճառ: 

Փաստի առթիւ Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութեան մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին, քննիչի որոշմամբ նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ, այդ շարքին` դիակի դատաբժշկական: