image

Ոչ ոք օրէնքէն վեր է. Շոլց Փութինին դէմ հրապարակուած հրամանագրին մասին

Ոչ ոք օրէնքէն վեր է. Շոլց Փութինին դէմ հրապարակուած հրամանագրին մասին

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց ողջունած է Միջազգային քրէական դատարանի՝ (ՄՔԴ) որոշումը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը կալանաւորելու մասին ու շեշտած, որ այն ցոյց կու տայ, որ ոչ ոք օրէնքէն վեր է:

Ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն, Թոքիոյի մէջ մամուլի ասուլիսի ժամանակ հնչած Շոլցի խօսքերը մէջբերած է Reuters:

«Միջազգային քրէական դատարանը ռազմական յանցագործութիւնները հետաքննելու համապատասխան կառոյցն է: Փաստն այն է, որ ոչ ոք չի կրնար օրէնքէն վեր ըլլալ, եւ այդ պարզ կը դառնայ հիմա»,- նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Հաագայի միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ինչպէս նաեւ Երեխաներու իրաւունքներու յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովայի կալանաւորման միջազգային հրամաններ տուած էր։ Միջազգային քրէական դատարանը պարզաբանած է, որ Փութինն ու Լվով-Պելովան կը կասկածուին ուքրանացի երեխաներու ապօրինի արտաքսման համար։