image

«Մասիս Քեպապ»ը տօնեց իր յիսնամեակը եւ մասնաճիւղ մը բացաւ Հոլիվուտ-Պըրպենք օդակայանին մէջ

«Մասիս Քեպապ»ը տօնեց իր յիսնամեակը եւ մասնաճիւղ մը բացաւ Հոլիվուտ-Պըրպենք օդակայանին մէջ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող հայկական «Մասիս Քեպապ» ճաշարաններու ցանցը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեակը։ Յոբելեանը նշանաւորուած է համայնքային տօնակատարութեամբ եւ ցանցին ութերորդ ճաշարանին բացումով՝ Հոլիվուտ-Պըրպենք օդակայանին մէջ։

Հարաւային Քալիֆորնիոյ սիրուած ճաշարաններու ցանցերէն՝ «Մասիս Քեպապ»ը, տօնեց իր 50 տարուան ծառայութիւնը Լոս Անճելըսի տարբեր սերունդներուն։ Այս առթիւ, ճաշարանը կազմակերպեց յիսնամեակին յատուկ համայնքային հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբերին 1ին, Կլենտէյլի իր գլխաւոր ճաշարանին մէջ (301 S. Glendale Ave.)։

Տօնակատարութիւնը համախմբեց համայնքի տարբեր տարիքի հիւրեր, որոնք համեղ ճաշերու եւ հաճելի ժամանցի կողքին, վայելեցին նաեւ Յարութ Փամպուքճեանի կատարումները։

Համասեփականատէր Գեւիկ Պաղտասարեանի համար յոբելեանը լաւ առիթ էր անդրադառնալու ճաշարանի անցած ուղիին եւ երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց, որոնք կարելի դարձուցին զայն:

«Լոս Անճելըսը բարեացակամ գտնուած է մեր ընտանիքին հանդէպ եւ մենք մեծ սէր ու երախտագիտութիւն ունինք այն համայնքներուն հանդէպ, որոնք աջակցած են մեզի վերջին 50 տարիներուն։ Այս տօնակատարութիւնը փոխադարձելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու մեր քայլն է », ըսաւ ան:

«Մասիս Քեպապ»ի պատմութիւնը սկսաւ 1976ին, երբ հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանը բացաւ առաջին ճաշարանը իբրեւ կրպակ մը Glendale Galleria-ի ուտելիքներու բաժինին մէջ: Անոր տեսլականն էր իսկական հայկական խոհանոցը ներկայացնել Հարաւային Քալիֆորնիոյ՝ միաժամանակ ստեղծելով հիւրընկալ վայր մը, ուր ընտանիքները կրնան համախմբուիլ:

Այս համեստ ընտանեկան ձեռնարկութիւնը վերածուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ սիրուած ճաշարաններու ցանցին՝ արժանանալով սերունդներով յաճախորդներու հաւատարմութեան: Իր հայկական արմատներուն հաւատարիմ մնացող «Մասիս Քեպապ»ը կը ղեկավարեն եղբայրներ Փիթըր եւ Գեւիկ Պաղտասարեանները, որոնք հպարտութեամբ յառաջ կը տանին իրենց հօր ժառանգութիւնը եւ այն արժէքները, որոնք 50 տարի շարունակ սահմանած են ընկերութիւնը՝ ընտանիք, հիւրասիրութիւն, աւանդոյթ եւ համայնք:

«50 տարիին հասնիլը հպարտութիւն կը պատճառէ մեզի եւ գիտենք, որ առանձին չենք հասած հոս։ Ամէն յաճախորդ, որ մտած է մեր դռներէն ներս, ամէն գործաւոր, որ եղած է մեր աշխատակազմին անդամ, օգնած է գրելու «Մասիս Քեպապ»ի պատմութիւնը: Մենք կ՛ուզենք, որ այս տօնակատարութիւնը ըլլայ իրենց համար», ըսաւ Փիթըր Պաղտասարեան:

ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ՝ ՀՈԼԻՎՈՒՏ-ՊԸՐՊԵՆՔ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

Իր յոբելենական տօնակատարութեան զուգահեռ, «Մասիս Քեպապ»ը նաեւ իր պատմութեան մէկ այլ նշանակալից էջը նշեց ՝ բանալով իր ութերորդ ճաշարանը՝ Հոլիվուտ-Պըրպենք օդակայանի նորաբաց ճամբորդական համալիրին գլխաւոր սրահին մէջ։ Ան կը համարուի Ամերիկայի  օդակայաններէն ներս գործող առաջին հայկական ճաշարանը:

Այս ընդլայնումը մեծ հանգրուան է «Մասիս Քեպապ»ին եւ ամերիկահայ համայնքին համար, քանի որ ընտանեկան ճաշարանը իր իսկական խոհանոցն ու հիւրասիրութիւնը կը բերէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ամենակարեւոր փոխադրամիջոցային կեդրոններէն մէկուն՝ հայկական խոհանոցային աւանդոյթները ներկայացնելով աշխարհի տարբեր կողմերէն ժամանող ճամբորդներուն:

Պաղտասարեան ընտանիքին համար այս նուաճումը կը ներկայացնէ 1976ին սկսած երազին շարունակութիւնը: