Ցանցահէնները (հաքըրները) կոտրած են Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու Cloud One ամպային հաշուողական հարթակը։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters լրատուական գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։
«Ցանցահէնները կոտրած են Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու առաջատար ամպային հաշուողական հարթակը», կը նշուի հրապարակման մէջ։
Գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ հարթակին կոտրուած ըլլալը բացայայտուած է վերջին մէկ ամսուան ընթացքին՝ համակարգի արդիականացման աշխատանքներու ժամանակ։
Reuters-ի աղբիւրները նշած են, որ միջադէպը խանգարած է հարթակին բնականոն աշխատանքը։ Գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ կոտրումին ծաւալները յայտնի չեն, սակայն այն կրնայ վտանգի ենթարկել տուեալներու հսկայական զանգուած, ներառեալ՝ գաղտնի տեղեկութիւններ։