image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Նելլի Ոսկերիչեան Չալեան

Ոչ եւս է Նելլի Ոսկերիչեան Չալեան

Օրերս Պրազիլի  Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ  Նելլի Ոսկերիչեան Չալեան:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան դիմատետրեան էջէն։

Աղբիւրը մասնաւորապէս  կը գրէ՝

Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքը սրտի դառն կսկիծով տեղեկացաւ թէ օրերս, հեռաւոր Սան Փաուլոյի մէջ, անողորմ հիւանդութեան դէմ երկարատեւ պայքարէ ետք, իր մահկանացուն կնքած է մեր սիրեցեալ անդամներէն, Տիկնանց վարչութեան բազմամեայ անդամ, Նելլի Ոսկերիչեան Չալեանը:

Մինչեւ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով իր ծննդավայր Հալէպէն հեռանալը, Ընկ. Նելլին միութենական կեանքէն ներս ունեցած է երկարամեայ ծառայութիւն, եղած է Թ.Մ.Մ.ի Տիկնանաց յանձնախումբի եռանդուն եւ գործօն անդամներէն: Շրջան մը ան իր աշխոյժ ներդրումը բերած էր նաեւ Թ.Մ.Մ.ի Կրտսերաց վարչութեան մէջ: Եղած է նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամ:

Հնագուցեալ ընկերուհին իր կեանքով եւ գործունէութեամբ եղած է անսակարկ նուիրումի եւ ազգային գործին նուիրեալ հայուհիի, հայ կնոջ եւ մօր օրինակելի կերպար:

Ընդհանրապէս դժուար կ՚ըլլայ հաշտուիլ յատկապէս նման անժամանակ մահուան պատճառած բաժանումին հետ, սակայն մեզի մխիթարութիւն կու տայ այն գիտակցումը, որ Հանգուցեալը ծառայասէր, բարեսէր, ազնիւ, կարեկից, հաւատացեալ անձ մըն էր, հաւատարիմ իր հաատքին եւ ուստի, ան հարստացած հոգիով հեռացաւ այս աշխարհէն:

Այս տխուր առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնները եւ համայն անդամութիւնը իրենց  վշտակցութիւնը եւ խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն մեր սիրելի ընկեր՝ Արա Չալեանին, զաւկին՝ Թամարին, ինչպէս նաեւ ազգականներուն ու բարեկամներուն։

Ամենողորմ Աստուած ընդունի եւ երկնային անթառամ պսակներուն արժանացնէ հանգուցեալի հոգին։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: