image

Miss World-ի Հայաստանի ներկայացուցիչն է Լիանա Ոսկերիչեանը

Miss World-ի Հայաստանի ներկայացուցիչն է  Լիանա Ոսկերիչեանը

News.am կը հաղորդէ թէ (15 յուլիսին) տեղի ունեցաւ «Միսս Արմենիա» գեղեցկութեան փառատօնի ամենակարեւոր փուլերէն մէկը՝ «Միսս Աշխարհ Արմենիա»ի եզրափակիչ ներկայացումը, ուր յաղթանակը նուաճեց Լիանա Ոսկերիչեանը: Մրցոյթի կանոններուն համաձայն՝ յաղթողը՝ Լիանան կը ստանայ ուղեգիր մասնակցելու «Միսս Աշխարհ» հեղինակաւոր մրցոյթին ներկայացնելով Հայաստանը: «Վիցէ Միսս» տիտղոսը նուաճեց Մոնիքա Գրիգորեանը:

Մրցոյթին մասնակցած էին 23 աղջիկներ, բացի Տայեանա Դաւթեանէ, որ արդէն ընտրուած է «Միսս Տիեզերք Արմենիա», եւ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը «Միսս  Տիեզերք» մրցոյթին: Աղջիկները անցան 3 փուլերէ, ներկայացանելով  3 համար՝ հայկական տարազ, պարային ելոյթ եւ երեկոյեան զգեստ։ Իսկ լողազգեստով ցուցադրութիւնը բացառուած էր, նկատի ունենալով որ Միսս աշխարհ մրցոյթը արդէն 5 տարի  է,  որ հանած է այդ փուլը: Փոխարէնը եղաւ «Միսս Մետիա» մրցանակը, որ կը ներկայացնէր մամուլի ներկայացուցիչներու քուէարկութիւնը, որ տրուեցաւ Լիանա Ոսկերիչեանին, Իսկ «Միս Համերաշխութիւն» տիտղոսին արժանացաւ Էլէն Սիմոնեանը: Լաւագոյն հնգեակին մէջ տեղ գրաւած էին նաեւ Միլենա Տալէեանը, որուն օգտին քուէարկած էր  հանդիսատեսը, Մոնիքա Գրիգորեանը, Լիանա Իսրայէլեանը եւ Անեդա Գաբրիէլեանը:

Մրցոյթը գնահատող դատական կազմը կը բաղկանար՝ «Միսս Քալիֆորնիա Երկրագունդ» Զառա Գեմիլիանէ, ձեւաւորող Գայիանէ Մանուկեանէ, «Միսս Արմենիա» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ Ռուպինա Գրիգորեանէ, Դալար Արդինեանէ, լրագրող Սահականուշ Սահակեանէ, դերասան Միքայէլ Պօղոսեանէ, երգիչ Արամոյէ եւ երգչուհի Էմմա Պետրոսեանէ:

Միջոցառման ելույթ ունեցան «Դետք» խումբը, Նիք Էգիբեանը, Վահէ Մարգարեանը, Գոռ Եփրեմեանը, Allianplace խումբը եւ այլք: Երեկոյի հանդիսավարներն էին դերասանուհի՝ Աննա Մանուչարեանն ու դերասան Ռաֆայէլ Երանոսեանը:

Նշենք թէ  բնական քարերով պատրաստուած շքեղ թագի հեղինակն է «Խազմալեան» ոսկերչական ընկերութիւնը։

«Միսս Աշխարհ» մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ 14 դեկտեմբերին, Լոնտոնի մէջ: