image

Զահլէ. Քարոլին Փամպուքեան-Զիատէ՝ թեկնածու Քաղաքապետական խորհուրդի անդամութեան (Լուսանկար)

Զահլէ. Քարոլին Փամպուքեան-Զիատէ՝ թեկնածու Քաղաքապետական խորհուրդի անդամութեան (Լուսանկար)

 «Արեւելք»ի Զահլէի աղբիւրէն վերահասու դարձանք, թէ յառաջիկայ կիրակի  (18 Մայիսին) Պեքաայի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն շրջանի հայութիւնը մեծ առիթ մը ունի Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ունենալու իր ներկայացուցիչը։

Մանրամասնութեանց մէջ՝ Քարոլին Փամպուքեան (որ կը սերի Զահլէի յայտնի Զիատէ ընտանիքէն եւ տիկինն է Զահլէի նուիրեալ հայորդիներէն՝ Նոէլ Փամպուքեանի) մասնակից պիտի դառնայ ընտրութիւններու եւ անդամ է շրջանին մեծ մեծ վարկ ունեցող «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան կազմած եւ «Զահլէի սիրտ» անունը կրող ընտրական ցուցակին։

Նշենք նաեւ, որ Զահլէ քաղաքը Պեքաայի մէջ իր ուրոյն ու կարեւոր տեղն ունի եւ այդ առումով ալ հարկ է արժէւորել կազմուելիք Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ հայկական ընտանիքի անդամ մը ունենալու հանգամանքը։ 

Զահլէն,  որպէս քաղաք միշտ մեծ տեղ ու դեռ ունի Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն փրկուած հայորդիներուն համար, որոնք այդ քաղաքին մէջ ունեցած են եւ դեռ ալ ունին յարգանքի արժանի դերակատարութիւն։

Քաղաքը, որ զբօսաշրջային դեր ու դիրք ունենալէ անդին կը համարուի Պեքաա նահանգին վարչարարական հիմնական կեդրոնատեղի, հայութեան համար միշտ ալ լայն բացած է իր դռները եւ այնտեղ հայութիւնը ունեցած է եկեղեցիներ, դպրոցներ (որ ցաւօք ներկայիս չեն գործեր), ինչպէս նաեւ միութենական կեդրոններ (իրենց յարակից միութիւններով ու մարմիններով)։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Քարոլին Փամբուքեանին՝ յուսալով, որ անոր յաղթանակն ու ընտրութիւնը իրենց դրական ցոլքերը կը տարածեն ամբողջ Պեքաայի հայութեան վրայ։