Անցեալ աշնան, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ակադեմական գործիչ, դասախօս, դոկտ. Արշալոյս Թօփալեան: Ան ակներեւ երեւոյթ էր թէ՛ իբրեւ գիտաշխատող հայ պատմութեան եւ թէ իբրեւ դասախօս:
Նշենք նաեւ, որ յառաջիկայ կիրակի 8 յունիսին Պէյրութի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի հանգուցեալի հոգեհանգստեան կարգը եւ այդ առթիւ «Արեւելք» -ի մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք դոկտ. Արշալոյս Թօփալեանի հակիրճ կենսագրականը։
Դոկտ. Արշալոյս Թօփալեան ծնած է 1944-ին, Դամասկոս: 1969-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղը, մագիստրոսի աստիճանով: 1970-84 թուականներուն պաշտօնավարած է իբրեւ գիտաշխատող Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ, իսկ 1974–77-ին դասախօսած Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) մէջ։ 1983-ին թեկնածուական ատենախօսութիւն պաշտպանած է Հայաստանի ԳԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ ընդդիմախօս ունենալով Եւկենի Փրիմաքովը։
Դոկտ. Թօփալեան մասնակցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած գիտաժողովներու։ Իր ուսումնասիրութիւնները հրատարակուած են Արեւելագիտութեան հիմնարկի Արաբական երկիրներ հատորաշարքին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսին մէջ։ 1985-86 կրթաշրջանին միացած է Հայկազեան համալսարանի (այն ատեն քոլէճ) դասախօսական կազմին: Այնուհետեւ, մինչեւ 2021 թուական դասաւանդած է հայ ժողովուրդի պատմութիւն, քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան (590-875), քննական տեսութիւն հայկական Կիլիկիոյ պատմութեան (1071-1375), քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան (1441-1914), հայ գաղթականութեան եւ հայկական գաղութներու պատմութիւն, Առաջին համաշխարհային պատերազմը, արեւմտահայութիւնը եւ Մեծ Եղեռնը, հայ գրականութիւն, հայ պատմագրութեան պատմութիւն, հայկական հարցի հոլովոյթը ԺԹ. դարակէսէն մինչեւ Լոզան, հայ մշակոյթի պատմութիւն, արաբական գրականութիւն, արաբական երկիրներու պատմութիւն դասանիւթերը։
1991-ին մաս կազմած է Հայկազեան հայագիտական հանդէսի խմբագրակազմին, որուն յառաջադրանքն էր վերսկսիլ հանդէսին հրատարակութիւնը: Այդ հանգամանքով, դոկտ. Թօփալեան մնացած է գործուն անդամ խմբագրակազմին մինչեւ իր մահը՝ 3 Հոկտեմբեր 2024-ին:
Դոկտ. Թօփալեան Հայկազեանի երկարամեայ դասախօսներէն մին էր, հայոց պատմութեան նուիրեալ մասնագէտ։ Թէեւ իր դասանիւթերուն ուսանողներուն մեծամասնութիւնը իբրեւ մասնագիտութիւն հայագիտութիւնը ընտրած չէր ըլլար, սակայն իր բծախնդիր մօտեցումով, ուսանողութեան հանդէպ իր ջերմ եւ գուրգուրոտ վերաբերմունքով, գիտելիք փոխանցելու իր անսպառ ջանքով, իր շահեկան, օգտաշատ բացատրութիւններով ու վերլուծութիւններով գիտէր թէ՛ դասաւանդութեան մակարդակը պահելու եւ թէ ոչ մասնագէտ ուսանողներուն իր նիւթը սիրցնելու եղանակը։
Հայկազեան հայագիտական հանդէսի խմբագրութեան համար պատիւ էր գործակցիլ ազնուութեամբ, մարդասիրութեամբ յատկանշուող, հայութեամբ եւ հայագիտութեամբ կենսաւորուող դոկտ. Թօփալեանի հետ: Ան մնացած էր միշտ համեստ, երէցին ու կրտսերին հետ հաւասարաչափ յարգալից, միշտ հետամուտ՝ քննական մօտեցումի, գիտական ճշգրտութեան ու ընդհանրապէս ճշմարտութեան:
Խմբագրակազմի քննարկումներուն դոկտ. Թօփալեան առարկայական, հանդարտաբարոյ, բծախնդիր ու սկզբունքային կեցուածք ցուցաբերած էր, միշտ ալ ընդունելով այլոց համոզիչ տեսակէտերը։ Դոկտ. Արշալոյս Թօփալեանի մահով Հայկազեան հայագիտական հանդէսը կորսնցուցած է տոկուն գիտնական հայագէտ մը, տիպար գործընկեր մը եւ անկեղծ ու սիրելի գործակից մը։