image

Հաճնոյ հերոսամարտի հանճարեղ «Մաէսթրո»ն՝ Կարապետ Չալեան

 Հաճնոյ հերոսամարտի հանճարեղ «Մաէսթրո»ն՝ Կարապետ Չալեան

 Լիբանանահայ   կրթական մշակ, հասարակական գործիչ՝  Նազարէթ Ճէրէճեանի էջէն կը  կարդանք՝ 

 

 Հոկտեմբեր 15, 1920: Ինկա՜ւ Հաճընը: «Էվիխանեան տան դիրքը լռեց: Շաբաթ օր, մէջը գտնուող բոլոր մարդիկ, ինչպէս “Քայմաքամ” Չալեան, Թերզեան եւ ուրիշ երեւելիներ գերի կ'իյնան ու կը տարուին վանք»(7): 

   «Տեղակալ Չալեան անհետացաւ, ո՞ւր մնաց, ինչպէ՞ս մահացաւ, յայտնի չեղաւ: Բայց անոր անունը, դիւանագիտական շարժումները, նպաստաւոր առաջարկները յաւիտեան պիտի չմոռցուին: Այս իմաստուն մարդուն անունը ամէն Հաճընցիի սրտին խորքը պիտի տեղաւորուի»(8): 

 

 1919-ին, աքսորէն նոր վերադարձած հաճընցիին առջեւ անգամ մը եւս կը ցցուի «լինել թէ՝ չլինելու» փորձութիւնը: Ֆրանսացին, դիւանագիտական ոճով քօղարկուած, հաճընցիներու ականջին կը փսփսայ՝ «Հաճընէն հեռացէ՛ք, մենք ձեզի չենք կրնար օգնել»: Կիլիկիոյ վերջին ամրոցի ղեկավարութիւնը եւ 4 տարիէ աքսորին մէջ կոտորակուած 6000 ժողովուրդը կը յամենայ լքել դարաւոր հայրենիքը: Նոյնիսկ Սիսէն՝ 200-ի չափ որբերն(1) ալ առօք-փառօք կը դիմաւորուին՝ իրենց սպասուող եղեռական ճակատագիրին հլու:

   Կիլիկիոյ կառավարիչ՝ գնդապետ Պրէմոն 12 Փետրուար 1920-ին կ'որոշէ Հաճընը օժտել «վստահելի, լուրջ, հայրենասէր, զոհաբերուող»(2) “Քայմաքամով”՝ յանձինս իրաւաբան Կարապետ Չալեանի: Ասիկա Ֆրանսացիին ամենամեծ նուէր-օգնութիւնը կ'ըլլայ... 

   Կիլիկիան գրեթէ պարպուած՝ Հաճընը կը պաշարուի: Մարտի 14-ին արտաքին աշխարհին հետ բոլոր տեսակի կապերը կը խզուին: Արծուեբոյնը կը մնայ կախուած տեղակալ Չալեանի հեռատես դիրքորոշումներուն, Սարգիս Ճեպեճեանի (եւ 580(3) քաջերու) ռազմագիտական կարողութիւններուն եւ ներքին՝ կուսակցական «ես»ի ու աթոռակռիւներու ճակատագրէն:

   Իսկ ո՞վ էր Հաճընի վերջին “Քայմաքամը”, Կարապետ Չալեանը: Ի՞նչպիսի դեր ունեցաւ ան ութամսեայ պայքարին մէջ: Ինչպէ՞ս նահատակուեցաւ, ո՞ւր թաղուած է: Ո՞ւր են ներկայիս անոր շառաւիղները...

   Բնիկ Հաճընցի Չալեան ուսանելու համար կը մեկնի Պոլիս, ապա՝ Թեհրան ուր բարձր պատուով կ'աւարտէ իրաւաբանական ճիւղը, դառնալով փաստաբան: 1915-ին կ'աքսորուի եւ “տէրուիշի” տարազով ծպտեալ կը շրջի իբրեւ պարսիկ: Զինադադարէն ետք Ատանա կը հաստատուի, հայրենակից Կէօվտէրէլեանի հետ բանալով փաստաբանական գրասենեակ մը(4):

   Հաճնոյ ութամսեայ գոյամարտի հնարամիտ ուղեղն էր, խելքն էր, բացառիկ հեռատեսութեամբ կառավարող computer-ն էր (ես՝ քիչ ըսի, դուք շատը հասկցէք):    Օգոստոս 23, 1920: Չալեան կրկին անգամ եւ որպէս վերջին առիթ հաճընցիներուն կ'առաջարկէ Վահկայի ճամբով Ատանա հասնիլ, անխուսափելի կոտորածէն ինչքան հնարաւոր է շատ մարդ փրկելու համար: Սակայն կարգ մը “հայրենասէրներ” ժողովուրդը կ'ապակողմնորոշեն տեղակալին «դաւաճան» կամ «100,000 ոսկիի փոխարէն Հաճընը թուրքերուն ծախած»(5) յորջորջելով... (Վա՜յ ինձ, վա՛յ ինձ. որքա՜ն նմանութիւն՝ այսօրուան Արցախի վիճակին...):

   Հաճնոյ Հերոսամարտի 102-րդ ամեակն է:

   Այս տարի ալ թող այսպէս մասնակցիմ:

   Բի՜ւր յարգանք Կարապետ Չալեանի յիշատակին եւ բոլոր անոնց որոնք «դիմադրեցին եւ կը դիմադրեն ամենուրեք»(6):

   Յ.Գ. Ինծի համար մեծ հպարտութիւն էր ծանօթանալ հաճնոյ անզուգական հերոս Չալեանի շարաւիղներէն երեք հայրենակիցներու:

   Առաջինը՝ Կարապետ Չալեանի եղբօրորդին՝ քաղաքագէտ, արեւելագէտ եւ հրապարակախոս Դոկտոր Ժիրայր (Ժերար) Չալեան (Շալեան)-ն է, որուն հետ պատիւը ունեցայ ձեռնուելու Հաճնոյ հերոսամարտի 90-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի օրերուն, Հայկազեան համալսարանին մէջ, Պէյրութ: 

   Երկրորդը՝ Հաճնոյ տեղակալին միւս եղբօր թոռներէն՝ Լիբանանի եւ Սուրիահայութեանը ծանօթ արուեստագէտ՝ “մայէսթրօ”, The Youth Band նուագախումբի  խմբավար՝ սաքսոֆոնահար Վիգէն Չալեանն է:

   Իսկ երրորդը՝ Վիգէնին աւագ եղբայրը՝ Տիգրան Չալեանը, որուն հետ բախտը ունեցայ հանդիպելու Օգոստոսին՝ հայրենիք այցիս, հիւրասիրուելով իր տան մէջ: Սրտառուչ, հուզումնախառն հանդիպում մըն էր, տակաւին վերջերս, սրտի բարդ վիրահատութենէ ետք՝ ապաքինման օրերու մէջ գտնուող հայրենակիցիս հետ: ...Թեթեւ սաւառնումով մը պատմութեան 102 տարուան խորքը... կը հանդիպէի “Քայմաքամ”ին... հո՛ն, պատմական ՀԱՃԸՆ: Ուշադրութիւնս գրաւեց որ ե՛ւ Վիգէնը եւ Ժերարն ու Տիգրանը մարմնի, դէմքի, խօսակցութեան եւ բնաւորութեան որոշ գիծերու ընդհանրութիւն մը ունին: Ծինային հասարակած մը Հերոս Կարապետ Չալեանի ընտանիքէն 3 ու 4 սերունդ փոխանցուած է ապահովաբար: Ուրեմն Հաճնոյ հերոսամարտի ղեկավարն ալ մօտաւորապէս նմանը պիտի ըլլար իմ ճանչցածներուս:

   Հոկտեմբեր 15, 1920: Ինկա՜ւ Հաճընը: «Էվիխանեան տան դիրքը լռեց: Շաբաթ օր, մէջը գտնուող բոլոր մարդիկ, ինչպէս “Քայմաքամ” Չալեան, Թերզեան եւ ուրիշ երեւելիներ գերի կ'իյնան ու կը տարուին վանք»(7): 

   «Տեղակալ Չալեան անհետացաւ, ո՞ւր մնաց, ինչպէ՞ս մահացաւ, յայտնի չեղաւ: Բայց անոր անունը, դիւանագիտական շարժումները, նպաստաւոր առաջարկները յաւիտեան պիտի չմոռցուին: Այս իմաստուն մարդուն անունը ամէն Հաճընցիի սրտին խորքը պիտի տեղաւորուի»(8):

  Ծանօթագրութիւններ ՝1-«Հաճընի Ողբերգութիւնը» (Մ. Սեպուհ), 2-Նոյնք, 3-«Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւն» (Յակոբ Պօղոսեան), 4-«Մոռցուած Դէպքեր Եւ Դէմքեր» (Մեսրոպ Գ. Շխրտմեան), 5- Նոյնք, 6-«Յուշերիս Յուշերը» (Ժերար Շալեան), 7-«Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւն» (Յակոբ Պօղոսեան), 8-«Մոռցուած Դէպքեր Եւ Դէմքեր» (Մեսրոպ Գ. Շխրտմեան):

Նկարները՝ 1) Տեղակալ Կարապետ Չալեան, 2) Դոկտոր Ժերար Շալեան, 3) Վիգէն Չալեանի հետ, 4) Տիգրան Չալեանի հետ: