image

Ոչ եւս է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին նախագահներէն՝ Բաբգէն Արարքցեան (Լուսանկար)

  Ոչ եւս է   ՀՀ  Ազգային Ժողովի նախկին նախագահներէն՝  Բաբգէն Արարքցեան  (Լուսանկար)

Այսօր Երեւանի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի  նախագահներէն հանդիսացած Բաբգէն Արարքցեան։

Այս մասին տեղեկութիւնը տարածուած է հայրենի լրասփիւռներու կողմէ։

Կը նշուի, որ Արարքցեան եղած է «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ: 10 դեկտեմբեր 1988-ին ան ձերբակալուած է մինչեւ 31 մայիսը 1989 թուականը։ 

Բաբգէն Արարքցեան Հայաստանի նորանկախ պատմութեան Ազգային Ժողովի առաջին նախագահն էր։

Արարքցեան ծնած է 1944-ին, Երեւանի մէջ։

Աւարտած է Մոսկուայի պետական համալսարանը՝ մաթեմատիկոսի որակաւորմամբ: 

1968-71-ին աշխատած է ԳԱԱ հաշուողական կեդրոնէն ներս։

1977-90-ին Արարքցեան եղած է ԵՊՀ-ի կիրառական թուաբանութեան ամպիոնի վարիչ:

1990-91-ին եղած է ՀՀ ԳԽ նախագահի առաջին տեղակալ։

Արարքեան 1991-95-ին ընտրուած է ՀՀ ԳԽ նախագահ։

1995-ի յուլիս 27-ին ընտրուած է Ազգային Ժողովի նախագահ՝ ըլլալով ՀՀ առաջին գումարման ԱԺ նախագահը։ Այդ պաշտօնէն հրաժարական ներկայացուցած է 1998-ին, ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի հրաժարականի հետ միաժամանակ։

2000–ականներուն Բաբգէն Արարքցեան հիմնադրած ու ղեկավարած է «Արմատ» հասարակական կազմակերպութիւնը։

Հանգուցեալը 79 տարեկան էր։