image

Ոչ եւս է հայագէտ՝ Տենիս Փափազեան

Ոչ եւս է հայագէտ՝  Տենիս Փափազեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է հանրայայտ հայագէտ՝ Տենիս Փափազեան։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնէն։

 Կը նշուի, որ Դոկտ. Փափազեանի ջանքերով կարելի եղած էր 1985-ին հիմնադրել հայագիտական նշեալ կեդրոնը, Երուանդ եւ Հելէն Մարտիկեաններու եւ «Վարդանի Ասպետներ»ու նիւթական աջակցութեամբ: Դոկտ. Փափազեան հանգստեան կոչուած էր 2006-ին:

Ան նաեւ երկար տարիներ եղած էր Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան (S.A.S.) նախագահը եւ գանձապահը ու խմբագրած էր ընկերակցութեան պարբերաթերթին 6-11-րդ թիւերը: Դոկտ. Տենիս Փափազեան նաեւ հեղինակած է յուշագրական՝ «From My Life and Thought: Reflections on an Armenian-American Journey» հատորը: