Եգիտական աղբիւրներէ քաղելով մեր տեղեկութիւնները վերահասու դարձանք, որ Գահիրէի մէջ իր աչքերը փակած է եգիպտացի գրող եւ կանանց իրաւունքներու մեծ պաշտպան Նաուալ Սահտաուի։
Եգիպտական մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ փորձել հանրութեան ներկայացնել Սահատուի կերպարը կը գրեն ՝ «Անոր կեանքը եղած է պայքար կանանց իրաւունքներուն համար»։
Ան կը համարուի արաբական եւ ափրիկեան աշխարհի ամէնէն ճանչցուած կին գրողներէն մին։
Կարճ պատմուածքներու ժանրին մէջ ինքզինք հաստատած ու նաեւ լսելի դարձուցած Սահտաուի, մասնագիտութեամբ եղած է բժիշկ։
Ան շնորհիւ իր տաղանդին եւ ստեղծած արուեստին յաջողած է տիրանալ տասնեակ մրցանակներու, նախ արաբական միջավայրին մէջ ու յետոյ ալ ափրիկեան եւ եւրոպական մակարդակներով։
Կարճատեւ հիւանդութեան հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած Սահտաուի 90 տարեկան էր։