image
Հրատապ լուրեր:

Վիճաբանութիւն եւ կրակոց «Եռաբլուր»ի մուտքին

Վիճաբանութիւն եւ կրակոց «Եռաբլուր»ի մուտքին

Երեւանի մէջ, 14 Սեպտեմբերին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 17։20-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Սեբաստիա փողոցին մէջ՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնի գլխաւոր մուտքի մօտ, վիճաբանութիւն տեղի կ'ունենայ, որու ժամանակ հնչած է կրակոց։ 

Shamshyan.com-ի  հաղորդմամբ, ոստիկանները տաք հետքերով պարզած են, որ նշուած վայրին մէջ դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է, որու ժամանակ փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են իրար Toyota մակնիշի մեքենայի վարորդն ու ուղեւորը եւ Opel մակնիշի մեքենայի ուղեւորը, որու ժամանակ ալ Opel-ի ուղեւորը բացայայտ անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորած է հասարակութեան նկատմամբ ու իր մօտ եղած կազային ատրճանակով 1 անգամ դէպի օդ կրակոց արձակած է:

Դէպքի վայրի մէջ յայտնաբերուած է 1 կրակուած պարկուճ։ Մալաթիայի ոստիկանները ձեռնարկած են անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ՝ Opel-ի ուղեւոր՝ Երեւանի բնակիչ, 27-ամեայ Լորիս Կ-ն, յանցագործութեան գործիք հանդիսացող կազային ատրճանակը, ինչպէս նաեւ Toyota մակնիշի մեքենան, այն վարած վարորդը եւ ուղեւորը յայտնաբերելու ուղղութեամբ։

Ոստիկանները տեղեկութիւններ ստացած են նաեւ, որ Toyota-ն վնասած է Opel-ը, որ տեղէ տեղ կը տեղափոխէր սպիտակ շապիկով արիւնոտ քաղաքացին։