Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը մերժած է Արցախի հերոս Վիտալի Բալասանեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը։ Այս մասին Tert.am-ին ըսած է Բալասանեանի փաստաբան Ռաֆայէլ Մարտիրոսեանը։
Վիտալի Բալասանեանը ձերբակալուած էր 14 յուլիսին։ Ան կը կասկածուի իշխանութեան նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու կամ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիք հնչեցնելու մէջ։ 17 Յուլիսին Վիտալի Բալասանեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած էր դատարան։