image

Հնչակեան գործիչ Կարապետ Կապիկեանի կեանքն ու գիտական ժառանգութիւնը՝ դասախօսութիւն UCLA համալսարանէն ներս

Հնչակեան գործիչ Կարապետ Կապիկեանի կեանքն ու գիտական ժառանգութիւնը՝ դասախօսութիւն UCLA համալսարանէն ներս

Դասախօսութեան առանցքային թեմաներէն մէկը Կապիկեանի դերն էր 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններուն ընթացքին: Ան ոչ միայն անձամբ վերապրած էր տեղահանութիւնները, այլեւ հետագային, հիմնուելով իր սեփական դիտարկումներուն, վերապրողներու վկայութիւններուն եւ հաւաքագրուած փաստաթուղթերուն վրայ, կազմած էր Հայոց ցեղասպանութեան առաջին համակարգուած ուսումնասիրութիւններէն քանիները, ներառեալ «Եղեռնաբերդում Փոքր Հայոց եւ նորին մայրաքաղաքին Սեբաստիայի» աշխատութիւնը:

Կապիկեան ներդրում ունի նաեւ հայկական բնագիտութեան եւ լեզուաբանութեան բնագաւառներուն մէջ: Անոր բուսաբանական ուսումնասիրութիւնները եւ Սեբաստիոյ բարբառի բառարանագրական փաստագրումը («Սեբաստահայ կառավաբարբառի բառարան») մինչեւ այսօր կարեւոր աղբիւրներ են հայագիտական ուսումնասիրութիւններու համար:

2026 թուականի Ապրիլ 8-ին` երեկոյեան ժամը 7:00-ին  UCLA համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն`նուիրուած Գարաբեդ Կապիկեանի (1864-1925) կեանքի եւ մտաւոր ժառանգութեան ուսումնասիրութեան, որուն կ’ուղեկցէր բացառիկ ցուցադրութիւն: Միջոցառումը կազմակերպուած էր UCLA-ի Promise Armenian Institute-ի կողմէ:

Դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ UCLA-ի Promise Armenian Institute-ի հետտոքթորական գիտաշխատող, պատմաբան Ռոպերթ Սուքիասեան, որ ներկայացուց Սեբաստիայէն սերած նշանաւոր հայ մանկավարժին, գիտնականին եւ հասարակական գործիչին գործունէութիւնը: Դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Կապիկեանի գիտական ձեւաւորման եւ մանկավարժական գործունէութեան, զոր ան ծաւալած է Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանին մէջ: Ներկայացուեցաւ նաեւ անոր քաղաքական ուղին եւ պայքարը` որպէս Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան աշխոյժ անդամ, որուն շարքերը ան համալրած էր տակաւին Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ` գործելով  Oսմանեան մտաւոր միջավայրին մէջ:


Գարաբեդ Կապիկեանի (1864-1925)

Դասախօսութեան առանցքային թեմաներէն մէկը Կապիկեանի դերն էր 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններուն ընթացքին: Ան ոչ միայն անձամբ վերապրած էր տեղահանութիւնները, այլեւ հետագային, հիմնուելով իր սեփական դիտարկումներուն, վերապրողներու վկայութիւններուն եւ հաւաքագրուած փաստաթուղթերուն վրայ, կազմած էր Հայոց ցեղասպանութեան առաջին համակարգուած ուսումնասիրութիւններէն քանիները, ներառեալ «Եղեռնաբերդում Փոքր Հայոց եւ նորին մայրաքաղաքին Սեբաստիայի» աշխատութիւնը:

Կապիկեան ներդրում ունի նաեւ հայկական բնագիտութեան եւ լեզուաբանութեան բնագաւառներուն մէջ: Անոր բուսաբանական ուսումնասիրութիւնները եւ Սեբաստիոյ բարբառի բառարանագրական փաստագրումը («Սեբաստահայ կառավաբարբառի բառարան») մինչեւ այսօր կարեւոր աղբիւրներ են հայագիտական ուսումնասիրութիւններու համար:

Դասախօսութեան զուգահեռ կազմակերպուած ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէր Կապիկեանի գիտական ժառանգութեան շարք մը կարեւոր դրուագներ: Ան կը ներառէր հայկական բուսաշխարհին նուիրուած աշխատանքներէն ընտրուած վահանակներ, պատմական լուսանկարներ եւ քարտէսներ, որոնք կը պատկերացնէին անոր անցած ուղին` Սեբաստիայէն դէպի Հալէպ եւ Երուսաղէմ, ուր ան շարունակած է իր մանկավարժական գործունէութիւնը ցեղասպանութենէն ետք:

Ցուցադրուած էին նաեւ անոր` ցեղասպանութենէն փրկուած անձնական իրերն ու ձեռագիր նիւթերը:

Իր անձնական յուշերով հանդէս եկաւ նաեւ Կապիկեանի թոռը` Կարօ Կապիկեան, որ իրաւաբան է եւ տարիներ շարունակ փաստաբանական գործունէութիւն կը ծաւալէ Նիւ Եորքի եւ Քոնեքթիքութի մէջ:

Միջոցառման մասնակիցները կարեւորեցին նման նախաձեռնութիւններու դերը` պատմութեան պահպանման եւ գիտական ժառանգութեան ճանաչման գործին մէջ:

«Նման դասախօսութիւնները կարելիութիւն կու տան աւելի խորութեամբ հասկնալու մեր պատմութիւնը եւ ճանաչելու այնպիսի գործիչներ, ինչպիսին Կապիկեանն է»,- նշեց մասնակիցներէն մէկը:

Միջոցառման ներկայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ատենապետ Միհրան Խաչատուրեան, ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի  անդամ Գրիգոր Մոլոյեան, ինչպէս նաեւ Հայ-Ամերիկեան խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան:

Միջոցառման համակազմակերպիչներն էին UCLA-ի Promise Armenian Institute-ը` համահովանաւորութեամբ UCLA իրաւաբանական դպրոցին Promise Institute for Human Rights-ի, UCLA-ի Մերձաւոր Արեւելեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը, UCLA-ի Նարեկացիի անուան Հայկական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնը, UCLA-ի ժամանակակից հայկական պատմութեան Ռիչարտ Յովհաննիսեանի անուան ամպիոնը, Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Ազգային Ընկերակցութիւնը (NAASR) եւ Արարատ-Էսքիճեան թանգարանը:

 

Լուրը՝ «Մասիս»էն