image

Վերջին Միսաքեանը/ Լեւոն Շառոյեան

Վերջին Միսաքեանը/ Լեւոն Շառոյեան

2009-ի մայիսի վերջը, երբ տխրօրէն իր դռները կը փակէր Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը ու ա՛լ կը դադրէր հրատարակուելէ,այդ ցնցիչ լուրին դիմաց` ես գրեթէ չէի զարմացած, անակնկալի չէի եկած:

Կը գիտակցէի, թէ թուղթէ հրաբորբ ջահը, զոր Շաւարշ Միսաքեան իբրեւ թանկագին աւանդ փոխանցած էր իր միակ աղջկան` Արփիկին, օր մը անպայման պիտի շիջէր, պիտի խոնարհէր…:

Միւս կողմէ սակայն, ենթագիտակցական անբացատրելի (եւ անշուշտ անհեթեթ) համոզում մը գոյացած էր մէջս` թէ Արփիկ Միսաքեան…չի՛ մեռնիր: Կամ առնուազն` գոնէ կ՛ապրի 100-120 տարի…:

Իրեն նման տոկուն, չարքաշ, անյողդողդ, անպարտելի ու երկաթեայ կին մը կրնա՞ր մահանալ, կրնա՞ր յաղթուիլ մահէն: Չէի պատկերացներ:

Ի՜նչ միամտութիւն:

Յունիս 19-ին բօթը անակնկալ էր այս անգամ: –ՈՉ ԵՒՍ ԷՐ ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ: Ան իր վերջին շունչը փչած էր Փարիզի հանգստեան տուներէն մէկուն մէջ, 89 տարեկանին, ֆիզիքապէս սպառած ու քայքայուած:

Յուղարկաւորութիւն, դամբանախօսութիւններ, փակեալ «Յառաջ»-ի քանի մը զարդաթիւեր` իր դագաղին վրայ, մահագրականներ` «Նոր Յառաջ»-ի սիւնակներուն մէջ, ու վերջին հանգիստ` Փէռ Լաշէզի գերեզմանատունը` Մեծն Շաւարշին ու Շահան Շահնուրին հետ նոյն փոսը, կողք-կողքի, կամ ինչպէս ինք պիտի սիրէր ըսել` սիրտ-սրտի:

Ֆրանսահայ գաղութին ժամանակակից պատմութեան վարագոյրը իջած էր…:

* * *

Վերջի՛ն Միսաքեանը…:

Սեբաստիոյ Տիվրիկ գաւառի հայաբնակ Զիմառա գիւղէն էին Միսաքեանները: Բայց անոնք, ընտանեօք, 1890-ին վերջնականապէս հաստատուեր էին Պոլիս ու դարձեր մայրաքաղաքի մնայուն բնակիչ:

Հայ կեանքի փոթորկոտ այդ օրերուն ոչ ոք կրնար ենթադրել, թէ ինչպիսի՜ նախախնամական եւ օգտաշահ դեր մը պիտի վիճակուէր այս ընտանիքին նորածիլ անդամներուն` մեր մշակութային անդաստանին մէջ:

Անոնք, երկու սերունդ,աւելի քան մէկ դար տեւաբար` պիտի ծառայէին հայ գիրին, գիրքին ու մամուլին: Այսպէս`

– Նախ Շաւարշ Միսաքեան, ընտանիքին զաւակներուն երիցագոյնը, կեանք մը ամբողջ պիտի լեցնէր հրապարակագրութեամբ սկսելով Պոլսոյ «Սուրհանդակ» լրագիրէն (1899-1908) ու «Ազդակ» գրական շաբաթաթերթէն (1908) մինչեւ նշանաւոր «Ազատամարտ»-ն ու անոր յաջորդող «Ճակատամարտ»-ը: Սահմանադրութեան վաղորդայնին` ընկերներու հետ պիտի հիմնէր «Արծիւ» ժողովրդային գրավաճառանոցը (Պոլիս): Հայկական եղեռնագործութիւններու շրջանին (Համիտի օրով թէ Իթթիհատի), գաղտնօրէն թղթակցութիւններ պիտի ղրկէր Ֆիլիպէի «Ռազմիկ»-ին, Պաքուի «Արեւ»-ին, ՍոՖիայի «Հայաստան»-ին, յետոյ տարի մը պիտի խմբագրէր Կարնոյ դաշնակցական օրկան «Յառաջ»-ը (1911):

Մեծ Եղեռնի մանգաղէն հրաշքով ճողոպրելով` Շաւարշ պիտի հաստատուէր Փարիզ, ուր պիտի հիմնէր ի՛ր «Յառաջ»-ը, 1925-ին: Իր կեանքին մեծագոյն ու կարեւորագոյն իրագործումն էր այս: Զայն պիտի գլխաւորէր մինչեւ իր մահը, 1957 յունուար 26, երբ պիտի իյնար պատնէշի վրայ, 73 տարեկանին:

– Շաւարշին կրտսեր եղբայրը` Ժիրայր Միսաքեան, սփիւռքահայ մամուլի փնտռուած աշխատակից մը պիտի դառնար իր կարգին, 40-ական թուականներէն սկսեալ: Շուրջ 25 տարի Անգլիա ապրելէ ետք` 1948-ին պիտի անցնէր Ամերիկա, ուր մնայուն եւ ամէնէն շատ սիրուած քրոնիկագիրը պիտի ըլլար Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին, «Եւրոպացի» գրչանունով (ստորագրած է 3000-ի չափ տոմսեր): Պատասխանատուութիւններ պիտի ստանձնէր թերթին խմբագրութեան մէջ եւս: Իրեն պիտի վստահուէր ՀՕՄ-ի «Հայ սիրտ» պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնն ալ: Համալսարանաւարտ էր ու հմուտ լեզուագէտ: Պատրաստած էր անգլերէն-հայերէն-ֆրանսերէն եռալեզու ընդարձակ բառարան մը, որ ցարդ անտիպ կը մնայ: Իր մահկանացուն կը կնքէր Պոսթընի մէջ, 1968 օգոստոսին, 69 տարեկանին:

– Տիրուհի Միսաքեան (ծնեալ Ազարեան, Պոլիս), Շաւարշին կողակիցը, նախկին ուսուցչուհի Պոլսոյ Էսայեան վարժարանի, ի՛նք եւս համեստ ծառայող մը եղած էր հայ մամուլին` դեռ Պոլիս ապրած շրջանին: Զինադադարէն ետք հրատարակուող «Ճակատամարտ» օրաթերթին (1918-24) վարչական պատասխանատուութիւնն ստանձնած էր, այդ ճամբով ալ` ծանօթացած Շաւարշին եւ ամուսնացած անոր հետ: Հետագային, վարչական ծառայութիւններով մի՛շտ պիտի կանգնէր ամուսնոյն կողքին, «Յառաջ»-ի հիմնադրութեան առաջին օրերէն սկսեալ: Գրիչ ալ պիտի շարժէր յաճախ, «Օրը օրին» խորագրեալ սիւնակի մը մէջ, «Սօսի» կամ «Նոճի» գրչանունով: Կը մահանար 1964 դեկտեմբերին, 73 տարեկանին:

– Արմէնուհի Միսաքեան, Շաւարշին կրտսեր քոյրը, ընտանիքին միակ անդամը, որ պիտի չհեռանար Պոլիսէն, այնտեղ բանեցնելով երկա՜ր տարիներ իր սեփական «Հայկաշէն» գրախանութը: Չաքմաքճըլար շուկայի հնամենի խաներէն մէկուն մէջ կծկուած նո՛յնքան հնամենի այդ գրատունը, այդ օրերուն, Պէյրութէն կամ արտասահմանէն ներածուած ինչ-ինչ հայերէն գիրքերու եւ պարբերականներու իր կապոցներով, օրհնութիւն մը պիտի դառնար պոլսահայ գրասէրներուն համար: Արմէնուհի Միսաքեան հայ գիրքի պահապան հրեշտակ մըն էր: Իր մասին քաղցր յուշեր պատմած է պոլսահայ գրագէտ  Ռ. Հատտէճեան` իր «Օտարականներ աշխատասենեակիս մէջ» հատորով (2002):

– Եւ` Արփիկ Միսաքեան, Փարիզի ծնունդ, Շաւարշ եւ Տիրուհի Միսաքեաններու միակ ժառանգորդը, հայ մամուլի նորօրեայ ախոյեանը, վերջի՛ն Միսաքեանը: Հօրը անակնկալ մահէն ետք, դեռ հազիւ թեւակոխած 31 տարեկանը, առանց հայկական որեւէ վարժարան յաճախած ըլլալու, բոլորովին ինքնուս, պիտի ստանձնէր ծանր պատասխանատուութիւնը «Յառաջ» օրաթերթին ու զայն խմբագրէր անհաւատալի ձեռնհասութեամբ ու կորովով` ամբողջ  52 տարիներ անխափան, մինչեւ թերթին փակումը 2009-ին: Հրա՜շք մը: Հայ մամուլի երկդարեայ պատմութեան մէջ բացառիկ ու աննախադէպ երեւոյթ մը:

Արփիկ Միսաքեան` վերջին Միսաքեանը…:

* * *

Եթէ փորձուիմ ուրուագծել կենսագրութիւնը Արփիկ Միսաքեանին, սկիզբէն իսկ պիտի հանդիպիմ անյաղթահարելի դժուարութիւններու, անկարելիութեա՛ն:

Մինչ իր հօր` Շաւարշի կենսագրութիւնը մանրամասնութիւններով հանդերձ ծանօթ է հանրութեան (եւ անոր ուշագրաւ գրութիւններուն ընտրանին ալ հրատարակուած է երկու հատորով` «Օրեր եւ ժամեր»-1958, Փարիզ), ասդին` Արփիկին կեանքին ինը տասնամեակներուն վրայ տարածուող շեղջակոյտերը կորսուած են կարծէք թանձր մշուշի մը ետին…:

Ինչպիսի՞ մանկութիւն մը ունեցաւ ան, ֆրանսական ո՞ր դպրոցները յաճախեց, ի՞նչ ուսում ձեռք ձգեց, երիտասարդութեան շրջանին ինչպիսի՞ շրջանակ մը կազմեց իրեն համար, ի՞նչ նախասիրութիւններ ունէր, հայերէնը ինչպէ՞ս սորվեցաւ, լրագրական իր առաջին քայլերը ե՞րբ առաւ, ի՞նչ նիւթերու մասին գրեց, հօրը մահէն ետք` ինչպէ՞ս յանդգնեցաւ ստանձնել հայատառ համբաւաւոր օրաթերթի մը ղեկը, ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունեցաւ ժամանակաշրջանի փարիզահայ մտաւորականութեան եւ կուսակցութիւններու ղեկավարութեանց հետ, ի՞նչ լծակներու վրայ յենած` «Յառաջ»-ը անկախ պահեց նիւթապէս ու գաղափարախօսականօրէն, ե՞րբ ամուսնացաւ,ի՞նչ ճամբորդութիւններ կատարեց, Հայաստանի հետ ի՞նչ կապեր պահեց (խորհրդային շրջանին ու անկախութենէն ետք), ինչպէ՞ս գնահատուեցաւ կամ…հալածուեցաւ, ի՞նչ յուշեր պատմեց, ի՞նչ գրեց, մնայուն ի՞նչ թողուց, ինչպիսի՞ հոգեվիճակով ապրեցաւ վերջին տարիներուն` իր սիրելի թերթին փակումէն ետք…:

Հիմա, երբ փոսը դրուած է իր դագաղը, սպասելի է որ նմանօրինակ բազմաթիւ հարցումներ մէկ առ մէկ գտնեն իրենց գոհացուցիչ պատասխանները ու վերածուին գրաւոր վաւերաթուղթի:

Բաղձալի է ու անհրաժեշտ, որ Արփիկ Միսաքեանի մասին գրուած յուշի ամէն պատառիկ, արժեւորում ու տուեալ, լուսանկար ու վկայութիւն, նախընտրաբար մինչեւ անոր մահուան Ա. տարելիցը` հոգածութեամբ մէկտեղուի կողքի մը տակ ու սեփականութիւնը դառնայ մեր գրադարաններուն:

Թերեւս, «Նոր Յառաջ»-ականներուն ճիտին պարտքն է ատիկա…:

* * *

Միշտ ըսուած է ու գրուած, թէ «Յառաջ»-ի 84 տարիներու երկար կեանքը բաժնուեցաւ երկու հանգրուաններու` Շաւարշին շրջանը (1925-1957, որմէ դուրս պէտք է հանել այն հինգ տարիները` երբ Բ. Աշխարհամարտի շրջանին թերթը լոյս չտեսաւ) եւ Արփիկին շրջանը (1957-2009):

Իրարմէ տարբեր շրջաններ էին ասոնք. տարբեր աշխատակիցներով, տարբեր համոզումներով, տարբեր պայմաններով, տարբեր մարտահրաւէրներով: Տարիներու սահանքին հետ` ֆրանսահայ գաղութը դիմագիծ փոխեր էր, գրողներու երբեմնի փաղանգը (Հրանտ Սամուէլ, Նարդունի, Շահնուր, Կարօ Մեհեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Հրաչ Զարդարեան եւ այլն) հետզհետէ չքացեր էր, հայախօսութիւնը նահանջեր էր մեծ թափով, ու թերթին տպաքանակը երբեմնի 5000-ի բարձունքէն գլտորեր իջեր էր մինչեւ 1000-ի սահմանները, նոյնիսկ անկէ ալ վա՛ր…:

Բայց մէկ գիծ (բացուած ակօսի մը լայն գիծը) մնացեր էր անշեղ,- թերթին լրջութիւնը, կոկիկութիւնը, մամլոյ գրաւոր թէ անգիր օրէնքներուն հանդէպ անոր հաւատարմութիւնը, հեռու` կողմնապահութենէ, անպարկեշտութենէ եւ ամբոխավարութենէ:

Հանրային սպասարկութեան տիպար հաստատութիւն մը մնաց «Յառաջ», Շաւարշով թէ առանց Շաւարշի…:

* * *

«Յառաջ» Շաւարշի օրով ունեցած էր իր «սան»-երը: Երիտասարդներ էին ասոնք, որոնք գրիչ շարժելու իրենց առաջին մղումին մէջ` բախտն ունեցան վայելելու թերթին մեծանուն խմբագիրին քաջալերանքն ու խրախոյսը:

Հիմա կը մտածեմ, որ «սան» մըն ալ ե՛ս դարձայ հաւանաբար, Արփիկին օրով, երբ 31 տարի առաջ իմ անդրանիկ մուտքը կատարեցի «Յառաջ»-ի մէջ: Բարոյական մկրտութեան պէս բան մը եղաւ անիկա: Կարծէք ՈՒԽՏԻ մը անդամակցեցայ` երդում կատարելով հայ գիրի բագինին առջեւ:

Դեռ ճեմարանական աշակերտ էի (ԺԱ. կարգ), հազիւ 17 տարեկան, երբ Հալէպէն առաջին թղթակցութիւն մը ղրկեցի «Յառաջ»-ին, անոր թղթատարական հասցէն պատահաբար ունենալէ ետք: Իմ այդ կարճ գրութիւնս լոյս տեսաւ թերթին 25 մայիս 1984-ի թիւով, խմբագրութեան կողմէ որդեգրուած «Սուրիահայ նամականի» խորագիրին տակ: Չուշացաւ նաեւ Արփիկ Միսաքեանին գնահատական նամակը: Ան կ՛առաջարկէր որ յաճախակի գրէի իրենց` մեր գաղութին անցուդարձերուն մասին, փոխարէնը խոստանալով թերթը առաքել ինծի: Ու այդպէս` «Յառաջ»-ի մէջ հետզհետէ բազմացան «Սուրիահայ նամականի»-ները…:

 

«Յառաջ»-ի մէջ իմ վերջին գրութիւնս` գրախօսական մը, լոյս տեսաւ 13 մայիս 2009-ին, թերթին փակումէն ճիշդ երկու շաբաթ առաջ: Ուրեմն,  մեր գործակցութիւնը տեւած էր լման 25 տարի, հետեւողականօրէն ու անխափան:

Մինչեւ 90-ականներու վերջերը համակարգիչի ու համացանցի հրաշքը դեռ հասանելի չէր դարձած ինծի: Ուստի, գիշերնե՜ր կը լուսցնէի գէթ շաբաթը անգամ մը` ձեռագիր ընդօրինակուած բազմաէջ գրութիւններ հասցէագրելու համար «Յառաջ»-ին` թղթատարի միջնորդութեամբ:Այդ նոյն թղթատարով ալ կը ստանայի թերթերը ամենայն կանոնաւորութեամբ ու զանոնք ծայրէ ի ծայր կարդալէ ետք` կը դիզէի վրայ-վրայի, թուահամարներու հերթականութեամբ, որպէսզի տարւոյն վերջը կազմարարին հասցնէի…: Ահա այդպէս է, որ տանս գրադարանին մէջ գոյացաւ «Յառաջ»-ի 25 տարուան կաշեկազմ լրիւ հաւաքածոներուն շարքը…:

Նուաճում մըն էր անշուշտ` երբ տարիներու սահանքին հետզհետէ հուն փոխեց նաեւ իմ գրութիւններուն բնոյթը. նախկին թղթակցութիւնները տակաւ առ տակաւ իրենց տեղը թողուցին աւելի լուրջ եւ մնայուն գրութիւններու, ուսումնասիրութիւններու, մանաւանդ` գրադատական էջերու: Տիկ. Արփիկ շարունակ նամակագրական կապ կը պահէր ինծի հետ, երբեմն թելադրանքներ ու նշումներ կ՛ընէր, կը խթանէր զիս:

Կը թուի, թէ այսպէս, հեռուէն, առանց որ զիս անձնապէս ճանչցած ըլլալու, Արփիկ Միսաքեան պիտանի «գործակից» մը գտեր էր իմ մէջս ու համակրեր ինծի:

1991-ին մտերիմ նամակով մը ան կ՛առաջարկէր ինծի Փարիզ երթալ ու փորձառական շրջանի մը համար մաս վերցնել թերթին աշխատանքներուն մէջ: Կրնայի՞ մերժել:

Աշնան եռուն ու պատմական երեք ամիսներ կը սպասէին ինծի հոն` Սէնի ափին…:

«Յառաջ»-ի օճախը շօշափելիօրէն տեսնելու, խմբագրատան ու տպարանի մթնոլորտը շնչելու, տիկ. Արփիկն ու իր օգնական Արփի Թոթոյեանը, ինչպէս նաեւ թերթին մօտիկ բարեկամները ճանչնալու, անոնց ձեռքը թօթուելու սքանչելի պատեհութիւն մըն էր այս:

Հո՛ս է, որ քիչ մը աւելի մօտէն ճանչցայ Արփիկ Միսաքեանը: Ան իր անձին գոյութեան իմաստը նոյնացուցեր էր թերթին ճակատագիրին հետ: Խմբագրատան պատէն կախուած Շ.ի մեծադիր պատկերին շուքին տակ` կարելի ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր, ջահը վառ պահելու համար Փարիզի «լպրծուն պողոտաներուն վրայ»:Թերթը ինքնաբաւ էր, Ֆրանսայէն ու արտասահմանէն ունէր վաթսունի չափ աշխատակիցներ, զորս Արփիկ իրեն յատուկ ճարտարութեամբ մը յաջողեր էր համախմբել իր շուրջ, աւելցնելով իր լրագիրին հմայքն ու վարկը: Հաստատեր էր նաեւ «Յառաջ մատենաշար» մը, որմէ լոյս ընծայուած էին մօտ 15 գիրքեր:

Շուտով հասկցայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէր օրաթերթ հրատարակել 2 հոգիով, թերթը տպարան յանձնել ամէն կէսօրին` առանց դոյզն յապաղումի, ժամացոյցի ճշգրտութեամբ: Սորվեցայ, թէ ի՛նչպէս կը քաղուէին միջազգային լուրերը` ֆրանսական տեղական բովանդակ մամուլը մէկ-երկու ժամուան մէջ մաղէ անցընելով առաւօտուն ու հոնկէ ջոկելով հայոց վերաբերեալ լուրերը, ինչպէ՛ս կը շարուէին «Գաղութէ-գաղութ»-ի սիւնակները` արտասահմանէն հասած հայերէն թերթերը մէկ առ մէկ թերթատելով ու երկարապատում թղթակցութիւնները  ամփոփելով: Իմացայ, թէ ի՞նչ կը նշանակէր «խմբագիրի հոտառութիւն», թէ խմբագիր մը ինչպէ՞ս պիտի զատորոշէր կարեւոր լուրը նուազ կարեւորէն կամ անկարեւորէն, ինչպէ՞ս պիտի ձեւակերպէր իր լրատուութիւններուն խորագիրները պատշաճօրէն, ո՞ր լուրերուն առաջնահերթութիւն պիտի տար թերթին ճակատը: Ե՞րբ պիտի պախարակէր կամ ե՞րբ պիտի գնահատէր հանրային երեւոյթ մը…:

Իսկական դպրոց մըն էր թերթը: Դպրոց` հոն աշխատող թերխաշ երիտասարդի մը համար (որ ես էի), դպրոց` ընթերցողներուն համար, որոնք թերթին ճամբով թէ՛ կը մնային մեր մշակոյթին ու ազգային ապրումներու ծիրին մէջ, թէ՛ ալ անուղղակի կամուրջ մը հաստատած կ՛ըլլային մայրաքաղաք Երեւանի եւ սփիւռքեան մօտ ու հեռու կեդրոններու հետ:

Արփիկ Միսաքեան ապրած ու գործած ըլլալով մեծերու շուքին տակ, անոնցմէ կրցած էր «ծծել» շատ բան:  Սփիւռքահայ կեանքի երեւելի բազմաթիւ դէմքեր (Չօպանեանէն մինչեւ Որբունի, Սողոմոն Թեհլիրեանէն մինչեւ Ծառուկեան, բանաստեղծ Ահարոնէն մինչեւ Նիկողոս Սարաֆեան,Վազգէն կաթողիկոսէն մինչեւ Գարեգին Բ. Կիլիկիոյ հայրապետը, Գառզու, Հանրի Վերնէոյ եւ նմանօրինակ տասնեակ ու տասնեակ դէմքեր) ճանչցած էր անձամբ, մօտէ՛ն: Բոլորին ծանօթ իրողութիւն է, թէ ինչպէ՛ս Շ. Շահնուր վերադարձաւ հայ գրականութեան ու հայ կեանքին` Արփիկին յամառ ու հետեւողական ջանքերով: Հետեւաբար, ան իր ուղեղին մէջ ունէր այդ մեծերուն վերաբերեալ մանրավէպերու լեցո՛ւն շտեմարան մը, որմէ, դժբախտաբար, պատառիկներ միայն լոյս տեսած են «Յառաջ-Միտք եւ արուեստ»ի 80-ականներու եւ 90-ականներու քանի մը թիւերուն մէջ:

Իր հայերէն ոճն ալ շատ իւրայատուկ էր ու սրտախօսիկ: Թերթին ընթերցողները լա՛ւապէս կը ճանչնային այդ ոճը: Այն խմբագրականները («Օրուան խօսքը»), որոնք «Յառաջ» ստորագրութիւնը կը կրէին` ի՛րն էին:

Բայց բոլոր ընթերցողներուն վկայութեամբ` սքանչելի էին մասնաւորաբար տիկ. Արփիկին ստորագրած…մահագրականները:

Այո՛, իսկապէս շատ զգայուն ոճով գրուած, գրական համեմունքներով օծուն մահագրականներ գրի կ՛առնէր Արփիկ Միսաքեան` ամէն անգամ որ հայ գրողի մը, մտաւորականի մը, հանրային վաստակաշատ գործիչի մը մահուան բօթը հասնէր իրեն: Պրպտեցէ՛ք «Յառաջ»-ի հաւաքածոները եւ տեսէք, թէ ի՜նչ սրտաբուխ մահագրականներ գրած է ան, զորօրինակ, Սիրարփի Տէր Ներսէսեանի, Կարօ Փօլատեանի, Հրաչ Զարդարեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Արշամ Պապայեանի (Մարսէյ), Հրանտ Բամպակեանի (Միլանօ), Վահէ Օշականի, Մինաս Թէօլէօլեանի, Հ. Ներսէս Տէր Ներսէսեանի, Վազգէն Ա.ի, Զուլալ Գազանճեանի եւ այլոց մահուան առթիւ, շատ դիպուկ մէջբերումներով ու կենսագրական տուեալներով: Փարիզի ու գաւառներու մէջ առածի կարգ անցած էր այս մահագրականներուն «անուշութիւն»-ը: Կատակով իսկ ըլլայ, ֆրանսահայերը խորհրդաւոր ժպիտներով կը փսփսային. «Երանի՜ անոր, որ Արփիկինմահագրականին կ՛արժանանայ»…:

Յայտնի իրողութիւն է, որ Արփիկ Միսաքեան խստաբարոյ կին մըն էր, ուժեղ անհատականութեան տէր,  ընդհանրապէս խոժոռադէմ ու զուսպ:Գործունեայ էր ու կարգապահ, յաճախ նաեւ դիւրաբորբոք ու բարկացկոտ: Իբրեւ խմբագիր, շատերու նկատմամբ կը սնուցանէր արդար կամ անարդար վերապահութիւններ, նոյնիսկ` անսիրելիութիւններ, զորս չէր ծածկեր: Սակայն ունէր նաեւ իր սիրելիներու շրջանակը, իր համարումին արժանացած մարդոց փաղանգը: Օրինակ, անհունօրէն ջերմ էր ու յարգալիր  Վենետիկի Մխիթարեաններուն հանդէպ: Նմանապէս, արտասովոր պատկառանք կը տածէր Պոլսոյ Շնորհք պատրիարքին նկատմամբ, եւ ծանօթ է արդէն, թէ որքան սիրուն թիւ մը նուիրեց անոր` վախճանման քառասունքին առթիւ (1990): Շատ սերտ էին իր յարաբերութիւնները պոլսահայ իր պաշտօնակիցին`«Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանին հետ ալ, որուն «Յուշատետր»-երը շարունակ կը զարդարէին «Յառաջ»-ի էջերը:

Իր սկզբունքներէն մէկն ալ, որմէ երբեք չէր զիջեր, արեւմտահայերէնի պաշտամունքն էր, պաշտպանութիւնը: Ջատագովներէն էր նաեւ Հայաստանի մէջ Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան վերականգնումի դատին: Կը յիշեմ որ օր մը, 90-ականներուն, «Յառաջ»-ի մէջ երեւցաւ լուր մը ուր կ՛ըսուէր, թէ փարիզահայ արձակագիր Մովսէս Պչաքճեանի «Անկարելի կարելին» թատերախաղը Երեւանի մէջ բեմականացուեր էր արեւելահայերէն տարբերակով: Պչաքճեան, «Յառաջ»-ի գլխաւոր աշխատակիցներէն մէկն էր այն ատեն, ու անոր տոմսերը փառաւորապէս լոյս կը տեսնէին թերթին Ա. էջին վրայ: Բայց Արփիկ Միսաքեան խիստ զայրացած էր Երեւանէն հասած այդ լուրէն: Ի՞նչ հարկ` արեւմտահայերէնով երկնուած գրական գործ մը «թարգմանել»ու արեւելահայերէնի: Ուստի, տուեալ լուրին տակ ան չվարանեցաւ գրել կծու ու խայթող սա՛ տողերը.-«Ասոր պատասխանատուն եւ յանցաւորը մեր արեւելահայ զարմիկները չեն, այլ մե՛նք` արեւմտահայերս, որ նախանձախնդրութիւնն ալ չունինք մեր լեզուին, որուն փոսը կը փորուի օրէ օր` իր հոգերը բարձի թողի ըրած Սփիւռքի մը մէջ»…:

«Յառաջ» իրեն ղրկուած ամէն յօդուածի տեղ չէր տար: Ասիկա սկզբունք մըն է,` որ ի զօրու է անշուշտ բոլո՛ր թերթերուն պարագային: Բայց տիկ. Արփիկ քիչ մը աւելի խիստ էր իրեն հասած յօդուածներուն առնչութեամբ. դուռը լայն չէր բանար ամէն եկող-գացողի առջեւ: Դիպուկ օրինակ մը, պարզապէս միտք բացատրելու համար.

Խմբագրատունն ենք երեքով (ես, Արփիկն ու Թոթոյեանը), երբ արտասահմանէն հայ «նշանաւոր» գրող մը կը մտնէ ու ցածրաձայն բարեւելէ ետք բոլորս` տիկ. Միսաքեանին աշխատասեղանին վրայ կը դնէ պահարան մը, մէջը` հրատարակելի յօդուածով:

Մարդը ոտքի է, կը սպասէ, որ խմբագրուհին վերցնէ պահարանը, ստանձնէ գրութիւնը: Տիկ. Միսաքեան կը տնտնայ անտարբեր, բայց ի վերջոյ հարց կու տայ եկուորին.

– Ինչի՞ մասին է ձեր այս գրութիւնը:

Հիւրը կու տայ ապրող կղերականի մը անունը, որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ամէնէն անշուք դէմքերէն մէկն է Եւրոպայի մէջ, թէեւ բարձրաստիճան: Յօդուածը անո՛ր մասին է եղեր…:

Ու տիկ. Միսաքեան վճռական շեշտով կը յարէ.

– Ձեր այդ յօդուածը մեզ չի՛ հետաքրքրեր: Պահարանը կրնա՛ք վերցնել…

Եկուորը գլխիկոր կը հեռանայ խմբագրատունէն` առանց դոյզն ընդդիմախօսութեան…:

* * *

Այնպէս կը թուի, թէ վերջին տարիներուն «Յառաջ» այլեւս յոգներ էր: Տնտեսական ճնշիչ դժուարութիւնները մէկ կողմէն, գաղութին նորահաս սերունդներուն անտարբերութիւնը միւս կողմէն, թերթը բերեր հասցուցեր էին ճգնաժամի մը առջեւ: «Լինե՞լ թէ չլինել»-ու երկընտրանքի մը դիմաց էին Արփիկն ու իր գործակիցները:

Ամէն օգոստոսի 1-ին, երբ «Յառաջ»-ի հիմնադրութեան տարեդարձը կը յիշատակուէր, Արփիկ Միսաքեան իր խմբագրականներուն մէջ չէր ծածկեր իր թերթին դիմագրաւած այլաբնոյթ դժուարութիւնները, տարուէ տարի աճող խոչընդոտները: Դառնութեամբ կը հաստատէր, որ Փարիզը նախկինը չէ այլեւս: Դարաւոր վարժարան մը փակուած էր հոն (Մխիթարեաններու Սամուէլ Մուրատեանը), բայց իրարանցում չէր ստեղծուած գաղութին մէջ: Յետոյ հայերէն օրաթերթ մը փակուեր էր (ՀՅԴ-ի «Կամք»-ը), ու դարձեալ աղմուկ չէր բարձրացած…:Կը յիշեցնէր, որ երբեմն հայանուն մարդոցմէ կը ստանար ֆրանսերէն նամակներ, որով անոնք կը խնդրէին իրմէ դադրեցնել թերթին բաժանորդագրութիւնը, ա՛լ թերթ չղրկել իրենց տան հասցէին, որովհետեւ…մահացեր էր անոնց ծերունի հայրը կամ մայրը:

Այնուհանդերձ, Արփիկ սովոր էր տեւաբար կրկնելու` թէ` «պիտի շարունակենք տոկալ, մի՛շտ տոկալ, պիտի վանենք լացի պատերը»:

2009-ի յունուար 1-ի տարեմուտի թիւին խմբագրականը սակայն` կը դնէր վերջակէտը: Եթէ ոչ բացայայտօրէն, բայց անպայման քօղարկեալ ոճով մը` խմբագրուհին կը զգացնէր, թէ այլեւս ժամը եկած էր «կարապի երգը երգելու»…:

Ու «Յառաջ» կը փակուէր հինգ ամիս անց, 30 մայիս 2009-ին:

Չեմ հաւատար, որ Շաւարշին յիշատակը թառամեցաւ կամ Արփիկին անունը տժգունեցաւ թերթին դադրեցումով:

Շաւարշ, հայ լրագրութեան պատմութեան մէջ գրաւած իր բարձրադիր ամպիոնէն անկախ` հիմա իր անունով մկրտուած փոքր հրապարակ մըն ալ ունի  Փարիզի մէջ, 9-րդ թաղամաս, 2007-էն ի վեր:

«Յառաջ»-ի անունով դպրոց մը կայ Այնճար (Լիբանան), ուրիշ մըն ալ Հայաստան, Օձուն գիւղը, Շաւարշին անունով:Նմանապէս, «Շաւարշ Միսաքեան» կը կոչուի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղերէն մին, իսկ Տիրուհի Միսաքեանի անունը կը կրէ Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի փարիզեան Սեւրան Լիվրի-Կարկանի մասնաճիւղը:

Իսկ Արփիկ, իր աւելի քան կիսադարեան վաստակով, իրաւա՛մբ դիւցազներգութիւն մըն է ֆրանսահայ ժամանակակից պատմութեան մէջ: Փէր Լաշէզի նշանաւոր գերեզմանատունը անգամ մը եւս վերաթարմացուց ուխտատեղիի իր հանգամանքը…

Լեւոն Շառոյեան  

    «Ազդակ»                                                                                                                    Հալէպ