Քրիստոսի Պայծառակերպութեան ՝ «Վարդավառ»ի առթիւ Քեսապի՝ Հ.Կ.Մ. պատանեկան միութիւնը Կիրակի՝ 23 Յուլիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Ս. Միքայէլ վանքին բակին մէջ յիշատակեց Վարդավառի տօնը իսկ տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցուեցաւ, երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Քարատուրանի «Կեղեձիկ» ուխտավայրին մէջ մասնակցութեամբ Հոգեշնորհ՝ Հայր Համազասպ Վրդ. Քէշիշեանի, Արժանապատիւ՝ Տէր Նարեկ Քհն. Զերենցեանի եւ Ուխտաւոր հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօրհնէք: