Հայաբնակ Քեսապի առաջին գիւղ՝ Տիւզաղաճ հասած հրդեհը վերահսկողութեան տակ վերցուած է՝ հաղորդած է Սուրիոյ մէջ «Լուրեր»-ու թղթակից Զարմիկ Պողիկեանը:
Տեղի հայ երիտասարդները, համագործակցելով Սուրիոյ հրշէջ ու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու հետ՝ տեղանքի վերաբերեալ տեղեկութիւններու տրամադրման հարցերով, միասնաբար կրակը ետ մղած են:
Այս պահուն հրդեհը դեռ ամբողջութեամբ մարած չէ, սակայն գիւղի սահմաններէն հեռու է, եւ անոր տարածումը կասեցուած է:
Գիւղացիներն անցած են իրենց բնականոն գործունէութեան՝ բերքահաւաքի աշխատանքներուն:
Տիւզաղաճի տուներն ու պարտէզներն անցած գիշերուան հրդեհի հետեւանքով չեն տուժած:
Գիւղը մարդկային ու նիւթական կորուստներ չէ կրած: