image

Վարդանեան ամոլը պիտի մեծարուի

Վարդանեան ամոլը պիտի մեծարուի

7 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայ Կրթական հիմնարկութեան 75ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ կրթական ոլորտի ղեկավարներ եւ գործարարներ Ռուբէն Վարդանեան եւ Վիքթորիա Զոնապենտ, որոնք կազմակերպութեան հեղինակաւոր` «Կրթական Տեսլականի Տէր» հեղինակաւոր մրցանակը պիտի ստանան:

Նկատի ունենալով, որ Վարդանեան կը շարունակէ անարդարօրէն բանտարկուած մնալ Պաքուի մէջ՝ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելուն համար, ամոլին կողմէ մրցանակը պիտի ստանձնէ Զոնապենտ:

Ամոլը պիտի մեծարուի յատկապէս համաշխարհային կրթական ոլորտին մէջ իր ունեցած դրական ներդրումին համար, որուն արգասիքներէն մէկն է Դիլիջանի միջազգային դպրոցը:

2014ին հաստատուած Դիլիջանի միջազգային դպրոցը կը հանդիսանայ միջմշակութային դասաւանդումի առաջնակարգ վարժարաններէն մէկը՝ հետեւելով «Միացեալ աշխարհի համալսարաններ»ուն կողմէ որդեգրուած սկզունքին` կրթութիւնը դարձնել ժողովուրդները, ազգերը եւ մշակոյթները միացնելու ուժ մը:

Նշենք, որ Դիլիջանի միջազգային դպրոցին մէջ ցարդ ուսում ստացած են 125 երկիրներէ աշակերտներ, իսկ դպրոցը զգալիօրէն նպաստած է Դիլիջանի բարգաւաճման եւ տնտեսութեան, ստեղծելով առաւել քան 2000 աշխատանքի կարելիութիւններ:

 Ամոլը նաեւ հիմնադրած է բարգաւաճման եւ կրթական նպատակներ հետապնդող շարք մը հիմնարկութիւններ, որոնք շարքին են` RVVZ Family-ն, IDeA-ն եւ Scholae Mundi-ին:

«Օրօրա» եւ Հայկական գիտնական եւ արհեստագիտական հիմնարկութիւններուն միջոցաւ, Վարդանեան նաեւ մասնակցած է ընկերային ու տնտեսական շարք մը ծրագիրներու իրագործման: Ան իր այս նախաձեռնութիւններուն համար արժանացած է շարք մը միջազգային մրցանակներու:

Զոնապենտ եւս կարեւոր դերակատար մըն է կրթական ոլորտի բարեսիրական շարք մը ծրագիրներու մէջ, որոնց համար ան մրցանականներու արժանացած է:

Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Հիմնարկութեան գործունէութեան կամ 75ամեակի տօնակատարութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.aefweb.org կայքը, կամ դիմել aef@aefweb.org հասցէին: