Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ ռազմագերիներուն ներկայացուցիչ եւ փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան պարզաբանումներ ներկայացուցած է Պաքուի դատարանին մէջ Ռուբէն Վարդանեանի իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն վերաբերեալ:
Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան նշած է, որ կոպտօրէն խախտուած են արդար դատաքննութեան երաշխիքները, մասնաւորապէս՝ կողմերու հաւասարութեան եւ մրցակցութեան սկզբունքը: Թէ՛ նախաքննական մարմինները, թէ' դատարանն անտեսած են պաշտպանական կողմի ներկայացուցած բոլոր միջնորդութիւնները՝ իրականացնելով միակողմանի եւ կանխորոշուած ելքով քննութիւն։ Աւելին, դատաւորները մերժած են Ռուբէն Վարդանեանին տրամադրել լիարժէք հասանելիութիւն գործի նիւթերուն՝ միեւնոյն ժամանակ գործին կցելով կեղծուած փաստաթուղթեր։
Խախտուած են նաեւ ընդդատութեան երաշխիքները․ գործը փոխանցուած է ռազմական ատեանին, չնայած այն հանգամանքին, որ Ռուբէն Վարդանեան քաղաքացիական անձ է եւ երբեւէ որեւէ առնչութիւն չէ ունեցած իրաւապահ կամ անվտանգային կառոյցներուն հետ։
«Արդիւնքում ստեղծուել է հիմնովին անարդար դատավարական իրավիճակ, որտեղ պաշտպանուող կողմը զրկուած է մեղադրանքները վիճարկելու կամ իր անմեղութիւնն ապացուցելու իրատեսական որեւէ հնարաւորութիւնից։ Նման պայմաններում արդար դատաքննութեան հասկացութիւնն ինքնին վերածւում է ձեւականութեան՝ զուրկ որեւէ բովանդակութիւնից», - ընդգծած է Սահակեան։