image

Վարդան Ջհանեանի յայտարարութիւններուն հետքերով. Հանքարդիւնաբերութեան դրական պատկերը եւ Ատրպէյճանի թիրախաւորումները

  Վարդան Ջհանեանի  յայտարարութիւններուն հետքերով. Հանքարդիւնաբերութեան դրական պատկերը եւ Ատրպէյճանի թիրախաւորումները

Տարբեր առիթներով յատկապէս «Արեւելք»ի հարթակով գրած ենք, որ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը Հայաստանի համար, ոչ միայն մեծագումար ներդրումներ ու տնտեսական որոշակի աշխուժութիւն ապահովող ոլորտ մըն է, այլ նաեւ արդիական դրոյթներով կենսաւորուող «կայուն զարգացումը» խթանող ներուժ է։

 Երբ կը խօսինք հանքարդիւնաբերութեան մասին, անպայման կը  մտապատկերին առջեւ կը պարզուի  Հայաստանի սահմանային անվտանգութեան հիմնահարցը, որ այսօրուան դրութեամբ ցանկացած հայու համար մտահոգութեան առանցք մըն է։ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմաններուն մէջ գտնուող կարեւորագոյն հանքավայրերը հեռու չեն սահմանային գօտիներէն ու այդ առումով ալ աւելի քան աշխոյժ կերպով առաջ կը մղուի մեր երկրի անվտանգութեան հիմանհարցը։ 

 

 Խնդիր, որ արժանի աւելի լայն ուշադրութեան եւ անշուշտ կապուած է Հարաւային Կովկասի մէջ ընդհանուր իրադրութեան ու նաեւ սպասուած կարեւորագոյն զարգացումներուն։Ճիշդ է անշուշտ, որ այսօր 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ասդին ու ապա Արցախի հայաթափումէն ետք (2023)  Հայաստանի հողային ամբողջականութեան  առընթեր առկայ է միջազգային համախոհութիւն եւ մեծ ուշադրութիւն, բան մը որ յոյսի պատուհան մը կը բանայ մեզի բոլորիս, հաւատալու, որ գալիք ժամանակները շատ աւելի ապահով եւ դրական նորութիւններով առլցուն ժամանակներ պիտի ըլլան։

Ամէն պարագայի ինչպէս եւ վերը նշեցինք այսօրուան դրութեամբ հանքարդիւնաբերութեան առաջ ցցուած հիմնական խնդիրը անվտանգութեան խնդիրն է։ Հայաստանի հակառակորդ հարեւան ՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր կիզակէտային ուշադրութեան առարկան դարձնել նաեւ Հայաստանի սահմանային հանքերը ու այդ առումով ալ չերկմտիր իր  ռազմաշունչ հռետորաբանութեան տեղ տալ, այդպիսով կուշտ պահելով  իր հասարկութեան  թշնամական ախորժակները։

Հռետորաբանութիւնն իր տեղն ունի քաղաքական ասպարէզին մէջ, բայց առիթէ-առիթ լսելի դարձող թշնամական խօսքերը աւելի քան որեւէ ժամանակ մտահոգութեան առանցք են հայոց համար։ 

Հայաստանը, որ առաջ կը շարժի  արդիական ճարտագիտութիւնը իբրեւ հիմնարար եւ ազդեցկ ոլորտ դարձնելու կարեւորելի ճիգերով կը շարունակէ հանդիսանալ Հարաւային Կովկասի մէջ հանքային կարեւոր պաշար ունեցող երկիր մը, որուն բնական հարստութիւնները տակաւին իսկական ներուժը ունին դէպի մեր երկիրը դրամական թէ մարդկային նոր դրամագլուխ ու յաւելեալ եռանդ մը «ներածելու» տեսակէտէն։

 Ու այստեղ է նաեւ, որ կը կարեւորուի հանքարդիւնաբերութիւնը արժէքաւորող երկիրներու հետ համագործակցութիւնը աւելիով խթանլու իրական սկզբունքո, այդպիսով ալ կարողանալով  հանքային շրջանները օժտել միջազգային պահպանող «հովանոց»ով։ Ի հարկէ այս մօտեցումի պարագային հարկաւոր են պետական մշակուած դրոյթներ, հեռու մնալու համար սխալ ու վտանգաբեր որոշումներէ ու քայլերէ, այլ խօսքով պահպանել առկայ դաշնակցային յարաբերութիւններն ու կապերը ու անոնց վրայ աւելցնել նոր կապերն ու համագործակցական ծրագիրները։ 

 

 Ի դէպ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան պարզած ընդհանուր վիճակին, ապագայ սպասելիքներուն ու միւս կողմէ ալ Ատրպէյճանի կողմէ հնչած սադրալից յայտարարութիւններուն, եւ կեղծ մեղադրումներուն մասին օրերս ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան նախագահ, «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարան»-ի գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ ՝ Վարդան Ջհանեան։

 

Ջհանեան խօսելով* Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ-ի տնտեսական կայուն եւ երկարաժամկէտ աճ ապահովող ոլորտներու թիրախ դարձնելուն մասին մասնաւորապէս ըսած է՝ 

«Կարծես թէ Ատրպէյճան աւելի լաւ կը հասկնայ մեր տնտեսութիւնը, քան մենք, քանի որ անոնք թիրախ կը դարձնեն կարեւոր այն ճիւղերը՝ հանքարդիւնաբերութիւն, ուժանիւթ, որոնք երկարաժամկէտ կարեւոր նշանակութիւն ունին եւ որոնք կ'ապահովեն երկարատեւ եւ կայուն տնտեսական աճ: 

Ատրպէյճան թիրախ չի դարձներ Հայաստանի ներմուծող ընկերութիւնները, որովհետեւ ներմուծող ճիւղերը չեն ապահովեր երկարատեւ կայուն զարգացում։ Ատրպէյճան սկսաւ հանքարդիւնաբերութենէն, սկիզբը մէջտեղ դնելով՝ Կաշէնի հանքի հնարովի խնդիրը։ Իրենց կը թուայ, թէ լուծած են Արցախի ու Կաշէնի հանքի խնդիրները, լուծած են այդ ամէնինչը եւ հիմա կ'անցնին Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռնարկութիւններուն, որոնք կը գործեն եւ ապագային պէտք է գործեն, օրինակ մը տալու համար՝ «Լիդիան Արմենիան», ատոմակայանը։ Նոյնիսկ Երեւանի մէջ իրականացուող շինարարութեան վերաբերեալ կրնան ըսել, որ շինարարութիւնը կ'աղտոտոէ գետերը, որոնք Արաքսով կը հոսին եւ կը հասնին Ատրպէյճան։ Անոնք ցանկացած ոլորտ կրնան թիրախ դարձնել։ Ատրպէյճանցիներու թիրախաւորումը մինչեւ 2020-2021 թուական այդքան աշխոյժ չէր, պատճառը այն էր, որ ՀՀ-ն հիմա շատ աւելի մեծ տնտեսական աճ կը գրանցէ քան Ատրպէյճանը: Եթէ մինչեւ 2017-18 թուականները անոնք ունէին այն մտավախութիւնը, որ Հայաստան տնտեսապէս կրնայ մրցակցիլ Ատրպէյճանի հետ, հիմա այդ կ'իրականանայ, որովհետեւ մենք տնտեսական աճով կը գերազանցենք, նոյնիսկ՝ մէկ շունչին հասնող ՀՆԱ-ով (Համախառն ներքին արդիւնք)։ Բնականաբար, անոնք կը հասկնան, որ այդ պիտի յանգի նաեւ ռազմական նոր հաւասարակշռութեան ձեւաւորման։ Ուստի անոնք հիմա խառնածին պատերազմ (hybrid war) կը վարեն»։

 

*Ի դէպ Տիար Վարդան Ջհանեան  սոյն յայտարարութիւնները կատարած էր    վերջերս, Հայաստանի տնտեսական լրագրողների ակումբի քննարկման ընթացքին, ուր ներկայ էին տարբեր տնտեսական  ոլորտներու  մասնագէտներ։