image

Ալեն Սիմոնեանը Ժընեւի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի նախագահին

Ալեն Սիմոնեանը Ժընեւի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի նախագահին

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Ժընեւի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ:

Ազգային ժողովէն յայտնած են, որ հանդիպումը կայացած է Միջխորհրդարանական միութեան (IPU) խորհրդարաններու նախագահներու վեցերորդ համաշխարհային համաժողովի նախապատրաստական յանձնաժողովի առաջին նիստի շրջածիրէն ներս:

Ալեն Սիմոնեանի եւ Սահիպա Կաֆարովայի հանդիպումէն Ազգային ժողովը մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած։